ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը $160 հազար տոլար կը նուիրէ ՀՕՄ-ի վարժարանի մանկամսուրին


Մանկամսուրը կոչուեցաւ ՀՕՄ-ի  «Ռուբինա» Մանկամսուր

 «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նշանաբանին հաւատարիմ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը $160 000 տոլարի իշխանական նուէրով կը մասնակցի Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի մանկամսուրի շինարարական աշխատանքներուն, որուն պաշտօնականացումը տեղի ունեցաւ 10 Փետրուար 2016-ին։

 Ուրախութեամբ կը յայտարարենք նաեւ որ մանկամսուրը անուանակոչուեցաւ ՀՕՄ-ի  «Ռուբինա» Մանկամսուր։

 «Ռուբինա» մասնաճիւղը կը շարունակէ տարեկան դրութեամբ 45 հազար տոլարի նուիրատութեամբ մասնակցիլ դպրոցի ի նպաստ թելեթոնին։ Այսպէս 2015-2016 տարեշրջանին ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին դպրոցի նպաստը կը հասնի $205.000-ի, հարիւր շնորհակալութիւն եւ վարձքերնին կատար բոլոր ընկերուհիներուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ ՀՕՄ-ի հայանպաստ, կրթական, մարդասիրական, առողջապահական, ընկերային,  հասարակական, հայրենանուէր ընդհանուր գործունէութեան ամէնուրէք։

 ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէ Թորոնթօ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.