Փութին-Փաշինեան հանդիպման օրակարգին վրայ՝ Քոչարեանի կալանաւորման հարցը

ՊԻՇՔԷՔ.- Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր գործիչներու, ներառեալ՝ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման հարցը պիտի քննարկուի սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ նախատեսուած Նիկոլ Փաշինեան-Վլատիմիր Փութին հանդիպման ընթացքին։

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած է, որ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան ղեկավարներու զանգուածային ձերբակալութիւններու «անսովոր ֆոնին»՝ ընդգծելով, որ Մոսկուան մտահոգուած է յատկապէս Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ աւանդական բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման կողմնակից գործիչներու ձերբակալութիւններով։

«Այս թեման, անկասկած, պիտի քննարկուի։ Հայաստանի ղեկավարութեան այս գործողութիւնները մեզ կը մտահոգեն», ըսած է Ուշաքով։

ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, իր կարգին, Քոչարեանի կալանաւորումը քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական բնոյթ ունեցող քայլ որակած է։ Ան շեշտած է, որ նախկին նախագահը պէտք է ազատ արձակուի ոչ թէ Փութինի միջամտութեամբ, այլ որովհետեւ անոր կալանաւորումը ապօրինի է։

Գրիգորեանի ըսած է, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը կը փորձէ չէզոքացնել այն քաղաքական ուժերն ու գործիչները, որոնք կը հակադրուին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման եւ իշխանութեան արտաքին քաղաքական ուղղութեան։

Քոչարեան, որ անցեալ շաբաթ կալանաւորուած էր, կը մեղադրուի պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ դրամի լուացման յանցանքներով։ Նոյն գործով կալանաւորուած է նաեւ անոր որդին՝ Սեդրակ Քոչարեան։ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը մեղադրանքները կը մերժէ եւ գործը քաղաքական հետապնդում կը նկատէ։

ԱԱԾ-ի մեկուսարանէն հրապարակուած իր վերջին ուղերձին մէջ Քոչարեան նաեւ զգուշացուցած է Հայաստանի առջեւ ծառացած վտանգներուն մասին՝ պնդելով, որ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը կը սպառնայ երկրի տարածքային, ազգային եւ հոգեւոր հիմքերուն։

Պիշքէքի հանդիպումը Փաշինեանի եւ Փութինի առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու լարուածութեան պայմաններուն մէջ Փութին մինչեւ այսօր չէ շնորհաւորած Փաշինեանը ընտրութիւններուն ՔՊ-ի յաղթանակին եւ վարչապետի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով։

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահը օգոստոս 31-ին շնորհաւորած է կալանաւորուած Ռոպերթ Քոչարեանը անոր 72-ամեակին առիթով՝ մաղթելով առողջութիւն, հոգեկան արիութիւն եւ տոկունութիւն՝ «այն փորձութիւններուն դիմաց, որոնց ներկայիս ան եւ իր ընտանիքի անդամները կը բախին»։