Էրտողան կրնայ կրկին թեկնածու դառնալ 2028-ի ընտրութիւններուն
- (0)

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ իշխանական շրջանակները սկսած են բաց կերպով խօսիլ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ 2028-ի նախագահական ընտրութիւններուն դարձեալ թեկնածու դառնալու հնարաւորութեան մասին։ Քննարկուող տարբերակն է ընտրութիւնները սովորական ժամկէտէն քանի մը շաբաթ առաջ կայացնել՝ օգտագործելով Սահմանադրութեամբ նախատեսուած բացառութիւնը։
Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Մեհմէթ Ուչում 17 Սեպտեմբերին յայտարարեց, որ կ՚ակնկալէ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնել 16 Ապրիլ 2028-ին՝ Էրտողանը «վերջին անգամ» նախագահի թեկնածու առաջադրելու համար։ Յաջորդ օրը Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէք եւս յայտարարեց, որ 2028-ին ընտրութիւններ պիտի կայանան՝ Էրտողանի վերընտրութիւնը ապահովելու նպատակով։
Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածին համաձայն՝ նոյն անձը նախագահի պաշտօնը կրնայ վարել առաւելագոյնը երկու հնգամեայ շրջան։ Սակայն 116-րդ յօդուածը բացառութիւն մը կը նախատեսէ. եթէ նախագահի երկրորդ պաշտօնավարութեան շրջանին խորհրդարանը որոշէ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակել, գործող նախագահը իրաւունք կ՚ունենայ անգամ մը եւս թեկնածու դառնալու։
Նման որոշում մը ընդունելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի 600 պատգամաւորներէն առնուազն 360-ին աջակցութիւնը։
Էրտողանի իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները խորհրդարանին մէջ առանձինն չունին անհրաժեշտ 360 ձայները։ Հետեւաբար, ընտրութիւնները կանխաժամկէտ նշանակելու համար անոնք պիտի կարենան յաջողիլ միայն այլ քաղաքական ուժերու աջակցութեամբ։
Իշխանական շրջանակներուն մէջ քննարկուող տարբերակը ընտրութիւնները 2028-ի նախատեսուած ժամկէտէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ կայացնելն է։ Այս ձեւով խորհրդարանի որոշումը իրաւական հիմք պիտի ստեղծէ, որպէսզի Էրտողան երրորդ անգամ նախագահի թեկնածու ներկայանայ։
Հետեւաբար, Էրտողանի նոր թեկնածութեան հարցը այլեւս միայն քաղաքական ենթադրութիւն չէ։ Անոր մերձաւոր խորհրդականներն ու կառավարութեան անդամները արդէն հրապարակաւ կը խօսին այն իրաւական ընթացակարգին մասին, որ կրնայ Էրտողանին կարելիութիւն տալ իր՝ 2003-էն սկսած իշխանութիւնը շարունակելու մինչեւ 2033։