Breaking News

Մեր Մասին

Հորիզոնը պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին: Կը հրատարակուի 28 Մայիս 1979-էն ի վեր։

1984-ի դեկտեմբերէն սկսեալ Հորիզոն օժտուած է գրական բաժինով, որ այսօր Սփիւռքի հազուագիւտ գրական բեմերէն մէկը կը հանդիսանայ։

1992-էն ի վեր թերթին մէջ իբր ներդիր լոյս կը տեսնէ անգլերէն-ֆրանսերէն յաւելուածը: Թերթը ունի նաեւ իր մանկապատանեկան յաւելուածը: 2001-էն ի վեր, տարեկան դրութեամբ Հորիզոն կը հրատարակէ իր գունաւոր տարեգիրքը:

Հորիզոն-ի կողմէ հրատարակուած են Վարուժան Պոյաճեանի՝ «Հայ լուսաւորչութեան կեդրոններ» (1996), Համլէթ Գէորգեանի՝ «Պետոն» (1996) եւ Լարիսա Գէորգեանի՝ «Ես տեսայ իմ երկիրը» (2005) գիրքերը:

Հորիզոն անդամ է The National Ethnic Press and Media Council of Canada (NEPMCC) կազմակերպութեան եւ իր ներկայացուցիչով կը մասնակցի Council-ի ժողովներուն:

Welcome

...