Դաւիթ Իշխանեան Անահիտ Մանասեանը հրաւիրեց Պաքուի բանտ՝ անձամբ տեսնելու հայ գերիներու վիճակը

Ատրպէյճանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը հրաւիրած է Պաքու՝ այցելելու Ումբակիի քրեակատարողական հիմնարկ եւ անձամբ հանդիպելու այնտեղ պահուող հայ գերիներուն։

«Ես ձեզ հիմա կը հրաւիրեմ Ատրպէյճան՝ Ումբակիի քրեակատարողական հիմնարկ՝ մեզի հետ հանդիպման։ Կը կարծեմ՝ ներկայ քաղաքական յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ ատիկա ամբողջովին կը տեղաւորուի եւ որեւէ բարդութիւն պէտք չէ ըլլայ։ Եկէք եւ ծանօթացէք խաղաղութեան դատավարութեան դատապարտեալներուն», ըսած է Իշխանեան։

Ան նաեւ առաջարկած է, որ Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւան ուղեկցի Մանասեանին, որպէսզի Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը «առաջին ձեռքէ» տեղեկանայ հայ գերիներու վիճակին եւ անոնց բարձրացուցած խնդիրներուն։

Իշխանեան յիշեցուցած է, որ տակաւին անցեալ մայիսին հեռակայ կարգով հարցեր ներկայացուցած էր Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, սակայն որեւէ պատասխան չէ ստացած։

Հայաստանի ՄԻՊ-ի գրասենեակը մինչեւ այսօր գործնական քայլեր չէ ձեռնարկած նաեւ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ կայացուած դատավճիռները ձեռք բերելու եւ անոնց ընտանիքներուն փոխանցելու ուղղութեամբ։

Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւայի այցելութիւններուն։ Վերջին երեք տարիներուն Ալիեւա երեք անգամ հանդիպած է հայ գերիներուն, վերջինը՝ այս տարուան մայիսին։ Այդ հանդիպման ընթացքին գերիները անոր ներկայացուցած են իրենց իրաւունքներու խախտումները եւ ակնկալած՝ գործնական միջամտութիւն։

Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ալիեւային իր ցուցաբերած «նրբանկատութեան», ինչպէս նաեւ իրենց ուղարկուած սուրճին, թէյին, քաղցրեղէնին եւ գիրքերուն համար, սակայն միաժամանակ շեշտած է, որ հայ գերիներուն բարձրացուցած հարցերը կենցաղային բնոյթ չունին։

Արցախի խորհրդարանի նախկին ղեկավարը մայիսին Ալիեւայէն խնդրած էր իր ընտանիքին փոխանցել Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ փետրուարին հրապարակուած իր դատավճիռը։ Չորս ամիս անց փաստաթուղթը տակաւին չէ փոխանցուած։

Իշխանեանի պաշտպանը եւս մինչեւ այսօր չէ ստացած դատավճիռը։ «Արգելք դրուած է», ընդգծած է ան։

Սապինա Ալիեւան խոստացած էր դատավճիռին ատրպէյճաներէն տարբերակը փոխանցել Իշխանեանի ընտանիքին, սակայն խոստումը չէ կատարուած։

«Ես եւ ընտանիքս կը սպասենք, տիկին Ալիեւա։ Նոյնը՝ միւսները», ըսած է Իշխանեան։

Իշխանեանի ուղերձը միաժամանակ ուղղուած է թէ՛ Պաքուին եւ թէ՛ Երեւանին. հայ գերիներու իրաւունքներուն վերաբերող հարցերը չեն կրնար սահմանափակուիլ ձեւական այցելութիւններով կամ կենցաղային օժանդակութեամբ։ Անոնք կը պահանջեն իրական միջամտութիւն, փաստաթուղթերու հասանելիութիւն եւ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ յստակ քայլեր։