Մուսա Լերան անմար կրակը` անցեալէն դէպի մերօրեայ ապրումներ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիները եւ պահ մը մեզ կը տեղափոխէ այն սրբազան լերան բարձունքները, ուր կերտուեցան մեր ազգային պատմութեան հոյակապ աւանդութիւններն ու հերոսական պայքարներէն մէկը:

Այս տարին պատմականօրէն հպարտառիթ եւ հոգեբանօրէն անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը նշենք Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-րդ տարեդարձը:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ 1915 թուականի հայոց մահասարսուռ ու մթագնած երկնակամարին վրայ պիտի ծագէր հերոսապատումի այդքան պայծառ արեւը:

Անցեալ դարասկիզբի Հայոց պատմութեան էջերը լեցնող Ցեղասպանութեան զարհուրանքներն ու արիւնալի կռիւները ունեցան նաեւ իրենց ադամանդեայ փայլատակումները: Մուսա Լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար եւ, աւելի ուշ, Սարդարապատ ու Բաշ Ապարան` իրենց կեանքի ու մահուան պայքարը հերոսներու արեամբ փորագրուեցաւ յաւերժութեան ապառաժին վրայ:

Այս բոլորը անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ ի՜նչ հրաշքներ կրնայ գործել ժողովուրդ մը, երբ անոր ազատատենչ ոգին մշտավառ է, իսկ հայրենիքին հանդէպ նուիրումը` անսակարկ ու անվերապահ:

Մուսա Լերան առիւծասիրտ զաւակները, ապաւինած իրենց պապենական սրբազան լերան, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան համատարած սուգին ընդմէջէն յաջորդ սերունդներու յիշողութեան, Հայոց պատմութեան մատեաններուն եւ միջազգային հանրային գիտակցութեան մէջ դրոշմեցին դիմադրութեան, արժանապատուութեան եւ յաղթանակի անջնջելի էջ մը:

Մուսա Լերան խիզախ զաւակներուն հերոսական պայքարը տպաւորեց նաեւ Արեւմուտքն ու Եւրոպան: Այդ հերոսամարտի փաստացի ու գրական մեծ վկաներէն մէկը դարձաւ օտարազգի մեծանուն գրող Ֆրանց Վերֆելը, որ իր հիանալի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպով այդ հերոսական պատմութիւնը հասցուց աշխարհի չորս ծագերը: Վէպը թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու եւ տակաւին այսօր կը շարունակէ ներշնչել բոլոր անոնք, որոնք օրհասական պահերուն կը վստահին հաւատքի, կամքի եւ ազատ ապրելու վճռականութեան ուժին:

Մուսա Լերան հերոսամարտը միայն անցեալի պատմական դէպք մը չէ: Ան քարացած յուշարձան մը չէ, որուն առջեւ տարին անգամ մը հերիսայի կաթսաներուն շուրջ կը հաւաքուինք, ծաղիկ եւ ռեհան կը դնենք անոր առջեւ եւ ապա կը վերադառնանք մեզ կլանող առօրեային:

Մուսա Լեռը ապրող կտակ է:

Մուսա Լեռը պատգամ մըն է` ուղղուած իւրաքանչիւր հայու:

Ի՞նչ է մեր իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը, երբ վտանգուած են` հայրենի հողը, ընտանիքը, լեզուն, Եկեղեցին ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Մուսա Լեռը նաեւ պատասխան մըն է:

Հայը ցաւագին պայմաններով կրնայ կորսնցնել հող ու տուն, կրնայ ցրուիլ աշխարհով մէկ, բայց չի կրնար ծունկի գալ ու խոնարհիլ, այնքան ատեն որ իր մէջ կ՛ապրին ազատութեան կամքը եւ ազգային գոյատեւման գիտակցութիւնը:

Այդ էր Մուսա Լերան պատգամը 1915-ին եւ այդ է անոր պատգամը նաեւ այսօր:

Երբ վտանգուած են մեր ազգային արժէքները, երբ հայրենիքը կ՛անցնի ծանր ու ճակատագրական փորձութիւններու մէջէն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ քաղաքական, ազգային, մշակութային ու հոգեւոր բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Մուսա Լերան հերոսամարտը մեզի կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդներու ճակատագիրը կը կերտուի ոչ միայն պետական որոշումներով, այլ նաեւ` ժողովուրդի հաւաքական ոգիով, միասնականութեամբ եւ պայքարելու կարողութեամբ:

Այսօր, 111 տարիներու հեռաւորութենէն, Մուսա Լեռը մեզի կը յուշէ.

– Արդեօք կը պահպանե՞նք այն, ինչ որ նահատակները իրենց արիւնով պաշտպանեցին:

– Արդեօք կը փոխանցե՞նք մեր զաւակներուն ազգային արժանապատուութիւնը, պատմական յիշողութիւնը եւ հայրենասիրութեան սրբազան կրակը:

– Արդեօք պիտի ձգե՞նք, որ օտարացնող պայմանները, ազգային անտարբերութիւնը եւ ժամանակի փորձութիւնները մարեն մեր հոգիներուն մէջ այն կրակը, որ Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ երբեք չմարեցաւ:

Այս տարի յաղթութեան եւ ազատութեան ոգիով լիցքաւորուած աշխարհացրիւ հայութիւնը` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, հպարտութեամբ ու բարձրաճակատ պիտի յիշատակէ մեր հերոս հայրերու բնօրրանին` Մուսա Լերան պանծալի հերոսամարտին 111-րդ տարեդարձը:

Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող, Այնճարի, Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու մէջ կազմակերպուող տօնախմբութիւնները պէտք է վերածուին համազգային հզօր արտայայտութեան, որուն լուսաշող ճառագայթները պիտի ջերմացնեն նաեւ մեր նոր սերունդին հոգիները:

Այսօր Մուսա Լերան սրբացած նահատակներուն յաւիտենական կտակն է, որ դարձեալ կը համախմբէ բոլորս: Անոնց թողած աւանդին շնորհիւ է, որ միեւնոյն կամքով, նպատակով ու տեսլականով կը միանան Մուսա Լերան, Այնճարի, Հայաստանի եւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ տարածուած համայն մուսալեռցիները` անցեալի եւ ներկայի իրերայաջորդ սերունդները:

Մենք կը հաւատանք, թէ ո՛ր ժամանակի մէջ եւ ո՛ր երկրի մէջ ալ գտնուին, մուսալեռցին ու այնճարցին կը շարունակեն ապրիլ նոյն հոգեբանութեամբ, նոյն տեսլականով ու միասնական կամքով:

Այո՛, այդ հոգեւոր ու ազգային միասնութիւնն է, որ հին օրերէն ի վեր մեզ իրարու կապած է իբրեւ մուսալեռցի` միշտ նուիրուած, միշտ խիզախ, միշտ պատնէշի վրայ կանգնող եւ հայ ժողովուրդի ազգային գոյատեւման պայքարին մէջ իր բաժինին ու պատասխանատուութեան գիտակցող:

Մուսա Լերան հերոսամարտը այսօր 111 տարիներու պատմական հեռաւորութիւն ունի: Բայց մենք Մուսա Լեռը չենք յիշատակեր միայն անցեալը պանծացնելու համար: Մենք զայն կը յիշատակենք, որպէսզի դէպի ապագայ մեր երթը շարունակենք` արժանավայել կեանք ապահովելու մեր յառաջիկայ սերունդներուն, եւ մեր պատմութեան դասերէն ուժ քաղելու` մերօրեայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:

Կ՛ապրինք յարափոփոխ եւ ճակատագրական ժամանակներ:

Մեր հայրենիքը ծանր փորձութիւններու առջեւ է: Մեր ժողովուրդի ազգային անվտանգութիւնը, պետականութեան ամրութիւնը, պատմական ու հոգեւոր արժէքները եւ ազգային ինքնութիւնը կը պահանջեն աւելի մեծ զգօնութիւն, համախմբուածութիւն ու պատասխանատուութիւն:

Այս պայմաններուն մէջ Մուսա Լերան պատգամը աւելի քան երբեք այժմէական է:

Չի՛ փրկուիր այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ իր անցեալն ու պատմութիւնը:

Չի՛ գոյատեւեր այն ազգը, որ կը հրաժարի իր լեզուէն ու մշակոյթէն:

Չի՛ յաղթեր այն ժողովուրդը, որ անձնական շահը կը դասէ ազգային շահերէն վեր:

Մուսա Լեռը մեզի սորվեցուց, որ երբ գոյութեան հարցը կը ծառանայ ժողովուրդի մը առջեւ, հարկ է վեր կանգնիլ ամէն տեսակի նեղ հաշիւներէ, անձնական շահերէ եւ բաժանարար գիծերէ:

Գիտնանք ու հասկնանք, որ հայրենիքը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է: Հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը մեր բոլորինն են, իսկ հայոց պատմական յիշողութիւնը` առաւել եւս մեր բոլորինը:

Եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապագան մեր բոլորին անքակտելի պատասխանատուութիւնն է:

Մենք կը հաւատանք, որ Մուսա Լեռը, անցեալ ըլլալէ աւելի, ապրող ներկայութիւն է եւ դէպի լուսապայծառ ու հոյակերտ ապագայ առաջնորդող մշտավառ ոգի:

Այս օրերուն, լիցքաւորուած անցեալի աւանդութիւններով ու հերոսապատումներով, մեր հոգիներուն մէջ անմար պահենք Մուսա Լերան պանծալի բարձունքներուն վրայ մեր նահատակներուն վառած կրակը եւ անոր ճառագայթումով առաջնորդուինք դէպի նոր ժամանակներ` զայն վերածելով ազգային մեր իղձերուն եւ հաւաքական նպատակներուն իրագործման փարոսի:

Հայ ժողովուրդը արժանի է ազատութեան եւ անկախութեան: Արժանի է ապրելու ազատ ու անկախ` իրաւունքի, արժանապատուութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան սկզբունքներուն վրայ կերտուած իր մայր հայրենիքին մէջ:

Սփիւռքի եւ հայրենիքի սիրելի՛ երիտասարդներ,

Վստահաբար կ՛անդրադառնաք, թէ կ՛ապրինք յարափոփոխ ու անկիւնադարձային օրեր:

Հայ ժողովուրդի յոյսն ու ապագան դուք էք:

Զգուշացէ՛ք մերօրեայ ազգակործան պայմաններէն: Տեսէ՛ք մեր ազգին սպառնացող վտանգները: Օտարացնող պայմաններու մէջ մի՛ կորսնցնէք` մեսրոպաշունչ մեր լեզուն, ձեր ինքնութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Մի՛ մոռնաք, որ մեր հազարամեայ պատմութիւնը, մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ հերոս նախահայրերուն ոգին ձեր ուսերուն կը դնեն մեծ պարտաւորութիւններ:

Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ այսօր հայ երիտասարդը պարտաւոր է իր ժամանակի պատնէշին վրայ կանգնիլ: Այդ պատնէշը միշտ չէ, որ զէնքով կը պաշտպանուի: Այսօր գոյատեւման պատնէշը կրնան ըլլալ` հայ դպրոցը, հայոց լեզուն, հայ ընտանիքը, Եկեղեցին, մշակոյթը, ազգային կազմակերպութիւնները եւ մեր պետականութեան ամրապնդման աշխատանքը:

Այսօրուան պայքարը նոյնքան կարեւոր է, որքան` երէկուանը, որովհետեւ ժողովուրդ մը միայն այն ատեն կ՛ապրի, երբ կը պաշտպանէ իր ինքնութիւնը եւ իր գոյութեան իրաւունքը:

Թանկագի՛ն համագիւղացիներ,

Եկէ՛ք` այս տօնախմբութիւնները դուրս հանենք իրենց սովորական ընթացքէն եւ վերածենք զանոնք ազգային վերանորոգութեան, միասնականութեան եւ ուխտի օրերու:

Թող աշխարհացրիւ մուսալեռցիներու կայք հաստատած բնօրրանները, քաղաքամայր Երեւանն ու Այնճար հայաւանը թնդան Մուսա Լերան արժանավայել զուռնաներու ու թմբուկներու հարուածներով, եւ իւրաքանչիւր հարուածին հետ մեր ազգային ու տոհմային աւանդութիւններն ու սրբութիւնները դրոշմեն յառաջիկայ սերունդներու հոգիներուն մէջ` զանոնք վերածելով մեր հերոս նախահայրերուն արժանաւոր ժառանգորդները:

Թող իւրաքանչիւր մուսալեռցի եւ այնճարցի` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի որեւէ անկիւնը, 111-րդ տարեդարձին վերանորոգէ իր ուխտը` երբեք չմոռնալու, որ Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ վառուած կրակը միայն անցեալի կրակ մը չէ:

Ան մեր ներկայի լոյսն է:

Ան մեր ապագայի ճանապարհն է:

Ան մեր ազգային գոյութեան անշէջ ջահն է:

Փա՜ռք ու պատիւ Մուսա Լերան հերոսածին զաւակներուն:

Փա՜ռք անոնց անմահ զոհողութեան եւ հերոսական կտակին:

Յաւե՜րժ կեցցէ Մուսա Լեռը:

Յաւե՜րժ ապրին Մուսա Լերան արժանաւոր ժառանգորդները, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուին:

Եւ թող Մուսա Լերան անմար կրակը յաւերժ առաջնորդէ հայ ժողովուրդը դէպի ազատութիւն, արժանապատուութիւն եւ ազգային վերածնունդ:

Թորոնթօ, 2026