Սահմանադրական Դատարանը մէկ օրուան մէջ քննեց եւ սահմանադրական ճանչցաւ ԹՐԻՓՓ-ի համաձայնագիրը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրով Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Սահմանադրութեան։
Սահմանադրական դատարանը հարցի քննութիւնը սկսած էր 15 Սեպտեմբերին՝ գրաւոր ընթացակարգով, եւ նոյն օրը կայացուցած որոշումը։ Բարձր դատարանէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ որոշման ամբողջական բնագիրը պիտի հրապարակուի երեք օրուան ընթացքին։
ՍԴ-ի դրական որոշումէն ետք համաձայնագիրը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով՝ վաւերացման։
Միջազգային պայմանագիրի վաւերացման մասին օրէնքի նախագիծը խորհրդարանին մէջ կը քննարկուի մէկ ընթերցումով եւ կ՚ընդունուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը ունի անհրաժեշտ թիւով ձայներ՝ համաձայնագիրը առանց ընդդիմութեան աջակցութեան վաւերացնելու համար։
Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները առայժմ չեն յստակացուցած, թէ ինչ դիրքորոշում պիտի որդեգրեն քուէարկութեան ժամանակ։
Երեւանն ու Ուաշինկթընը ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերող շրջանակային համաձայնագիրը նախաստորագրած էին 26 Մայիսին։ Ստորագրման գործընթացը աւարտած էր 4 Յունիսին՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ստորագրութիւններով։
Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծին՝ զայն Սահմանադրական դատարան ուղարկելով սահմանադրականութեան ստուգման համար։