Հայաստանի Նոր Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ 101 Պատգամաւոր


ԵՐԵՒԱՆ.–  Հայաստանի խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլան առնուազն 101 պատգամաւորներ: Այս մասին նշուած է Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին մէջ, որ ներառուած է 3 Մարտին կայանալիք կառավարութեան նիստին։

«Եթէ նոյն կուսակցութիւնը հաւաքել է 53 մանդատ, բաշխումը համարւում է վերջնական, իսկ եթէ քիչ՝ նախնական: Անցումային շեմը նախկինի պէս 5 տոկոս է կուսակցութիւնների եւ 7 տոկոս կուսակցական բլոկների համար: Անկախ ընտրութիւնների արդիւնքներից՝ խորհրդարանում պէտք է ներկայացուած լինի առնուազն 3 քաղաքական ուժ», նշուած է նախագիծին մէջ:

Աթոռները կը բաշխուին հետեւեալ ձեւով՝ իւրաքանչիւր կուսակցութեան քուէաթերթիկներու քանակը կը բազմապատկուի 101ով եւ կը բաժնուին ընտրական շեմը յաղթահարած ուժերուն օգտին եղած քուէաթերթիկներուն թիւին համաձայն: Այդ կլորցուած թիւով ալ կը բաշխուին աթոռները: Մնացած աթոռները կը բաժնուին մնացեալներուն հերթականութեամբ՝ իւրաքանչիւրին մէկական աթոռ:

Կուսակցութեան ձեռք ձգած աթոռներուն կէսը կը տրուի կուսակցութեան համապետական ցանկի թեկնածուներուն՝ ըստ հերթականութեան: Միւս մասը կը բաժնուի կուսակցութեան տարածքային ցանկերուն մէջ ընդգրկուած թեկնածուներուն միջեւ: Եթէ թեկնածուն խորհրդարանին մէջ աթոռ ստացած է ե՛ւ հանրապետական, ե՛ւ ցուցակով, ապա ան կը նկատուի հերթական թեկնածու տարածքային ցուցակով, իսկ հանրապետական ցուցակի աթոռը կը տրուի ցուցակին մէջ եղած յաջորդին:

4 աթոռ ալ կը բաշխուի ազգային փոքրամասնութիւններուն միջեւ: Աթոռները կը բաժնուին կուսակցութիւններուն եւ պլոքներուն միջեւ, որոնք յաղթահարած են անցողիկ շեմը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.