Աղջիկներու ծնունդի խափանման պատճառով Հայաստանը մինչեւ 2060 պիտի կորսնցնէ 93‚000 ապագայ մայրեր


ԹԻՒԵՐ ԵՒ ՓԱՍՏԵՐ

Հայաստանի մէջ նորածիններու սեռերու խախտուած համեմատութեան մասին կը վկայէ հանրապետութեան պետական դպրոցներու առաջին դասարաններուն մէջ սորվող աղջիկներու թիւը։ Այսպէս՝ հիմնուելով Հայաստանի հանրապետութեան վիճակագրութեան ծառայութեան տուեալներուն վրայ‚ ի յայտ եկաւ‚ որ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի ընթացքին Երեւանի մէջ առաջին դասարանի աղջիկները 47 առ հարիւր կազմած են։ Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մէջ աղջիկները 44 առ հարիւր են‚ Շիրակի եւ Լոռիի մէջ՝ 45 առ հարիւր‚ Արմավիրի եւ Արագածոտնի մէջ՝ 46 առ հարիւր։ Առաջին դասաանցիներու թիւին մէջ սեռերու համեմատութիւնը գրեթէ չէ խախտած միայն Տաւուշի (49‚6 առ հարիւր)‚ Սիւնիքի եւ Կոտայքի (48 առ հարիւր) մարզերուն մէջ։

ՀԱՏԱԾ ԵՆՔ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի (UNFPA – United Nations Population Fund) 2012-ին կատարուած «Նորածիններու սեռերու անհամեմատութիւնը ցոյց կու տայ‚ որ եթէ շարունակուի աղջիկներու ծնունդը խափանելու գնով տղայ զաւակ ունենալու արատաւոր երեւոյթը‚ ապա՝ Հայաստանը մինչեւ 2060 թուական պիտի կորսնցնէ գրեթէ 93‚000 հաւանական ապագայ մայրեր‚ Տարեկան դիտումնաւոր վիժումի ենթարկուած ու չծնած նորածին աղջիկներու թիւը մինչեւ 2060 թուականին պիտի հասնի 2000-ի‚

Այս ընթացքով Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի նուազի յաւելեալ 80‚000 մարդով (ասիկա ներկայիս Հայաստանի 2 տարուայ ծնունդներու թիւն է)։

«Եթէ այս ընթացքը չկասեցուի‚ ապա ամուսնական ամէնէն աշխոյժ տարիքի՝ 20-39 տարեկան տղամարդոց մէկ մաս շուտով պիտի սկսի ընտանիք կազմելու դժուարութիւններ ունենալ եւ կին չգտնելով‚ մեկնիլ երկրէն՝ այդպիսով խթանելով արտագաղթը։ Բացի այդ‚ ասիկա նաեւ յառաջ պիտի բերէ այլ խնդիրներ (միայնակ ծերութիւն‚ սեռական հողի վրայ ոճիրներու աճ եւ այլ)»‚ կը պարզաբանէ Ժողովրդագրութեան հարցերով միջազգային փորձագէտ‚ դոկտոր Քրիսթոֆ Կիլմոթոն։

Կայքը կը յիշեցնէ‚ որ Հայաստանի մէջ նորածիններու սեռերու համամասնութիւնը խախտուած է շատ աւելի կանուխ 1990-ական թուականներէն եւ ներկայ կը կազմէ 114-115 տղայ՝ 100 աղջկայ դիմաց։ Ատիկա աշխարհի վրայ բարձրագոյններէն մէկն է եւ կը զիջի միայն Չինաստանին (118) եւ Ազրպէյճանին (116)։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.