Հալէպի մէջ կենցաղային պայմանները կը վատթարանան

\n

\n

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Գանձասար» կը յայտնէ, որ դէպի Հալէպ հիմնական մուտքի ճամբան վտանգուած ըլլալու պատճառով, սննդամթերքի եւ վառելանիւթի տագնապը կը շարունակուի, որուն կողքին արդէն երրորդ օրն է, որ քաղաքը բոլորովին զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ՝ զինեալ խմբաւորումներու ելեկտրակայանի գրաւման պատճառով։ Նոյն պատճառով արդէն երրորդ օրն է, որ կը շարունակուի ջուրի տագնապը։ Վառելանիւթի տագնապին բերումով եռապատիկ գիներով սկսած են վաճառուիլ կազը, մազոթն ու պէնզինը։

\n

 

\n

ՊԱՐԲԵՐԱԲԱՐ ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՆԻՒԹԵՐ

\n

Միւս կողմէ, Perio News կը յայտնէ, որ Ապրիլ 20-ին, սուրիական բանակը այսօր կրցաւ ճամբան՝ Խանասերի շրջանը որ Հալէպ կը կապէ դուրսի աշխարհին, իր հակակշռին տակ առնել: Արդարեւ պարբերաբար Հալէպ մուտք կը գործէ բեռնաւորուած հարիւրաւոր բեռնակարգեր: Նշենք, որ կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.