Փաշինեան կը բացառէ Սիւնիք ներթափանցած ադրբեջանցի զինուորը հայ գերիներու հետ փոխանակելու տարբերակը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու եւ Սիւնիքի Շաքի գիւղ ներթափանցած ատրպէյճանցի զինծառայողին հարցերը «տարբեր թեմաներ» են՝ փաստօրէն բացառելով անոնց փոխանակման հնարաւորութիւնը։
Փաշինեանի այս դիրքորոշումը, սակայն, կը հակադրուի 2023-ի նախադէպին, երբ Երեւան Պաքուին վերադարձուցած էր Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանի պահակի սպանութեան համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի զինծառայող Հուսէյն Ախունդովը եւ Հայաստանի սահմանը անոր հետ անցած Աքշին Բաբիրովը, որ դատապարտուած էր 11 տարուան բանտարկութեան։ Նոյն օրը Հայաստան վերադարձած էին 32 հայ գերիներ։ Երեւան նաեւ հրաժարած էր ՄԱԿ-ի կլիմայական համաժողովը հիւրընկալելու իր թեկնածութենէն՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի։
Ներկայիս Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը պահուին 19 հայեր։
Ատրպէյճանցի զինծառայող Նասիմի Մուսաեւ ձերբակալուած էր 1 հոկտեմբերին՝ Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ։ Պաշտօնական Պաքուի համաձայն՝ ան ինքնակամ լքած էր իր զօրամասը։ Նախքան վնասազերծուիլը՝ Մուսաեւ մտած էր գիւղի տուներէն մէկը եւ զինուած բախումի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորած էր տանտիրուհին, որ կը փորձէր պաշտպանել իր երկու անչափահաս երեխաները։ Կինը հրազէնային ծանր վիրաւորում ստացած եւ ձեռքի մատները կորսնցուցած էր։
Մուսաեւ կալանաւորուած է եւ անոր դէմ մեղադրանքներ առաջադրուած են սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեան, զէնքի գործածութեամբ ծանր վնաս պատճառելու, հրազէնի ապօրինի շրջանառութեան եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու յօդուածներով։
Փաշինեան միաժամանակ «անհեթեթութիւն եւ լեգենդ» որակած է այն վարկածը, թէ դէպքը կրնար ատրպէյճանական ներթափանցում ըլլալ։ Ան, սակայն, ընդունած է, որ Մուսաեւ, որ նոյնպէս վիրաւորուած է եւ բուժում կը ստանայ, տակաւին ամբողջական հարցաքննութեան չէ ենթարկուած։
Անոր համաձայն՝ զինծառայողը ձերբակալութեան ժամանակ դիմադրութիւն չէ ցուցաբերած։ Փաշինեան նաեւ նշած է, որ Մուսաեւ «առնուազն որոշ ժամանակ պիտի մնայ Հայաստանի մէջ եւ իր պատիժը պիտի կրէ»։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինուորը անցած է Հայաստանի սահմանը, Փաշինեան յայտնած է, որ նախնական տեղեկութիւններով տարածքին մէջ մառախուղ եղած է, եւ տակաւին հաստատուած չէ՝ զինուորը միտումնաւոր կերպով մուտք գործա՞ծ է Հայաստան, թէ՞ մոլորած եւ հատած սահմանը։