Միրզոյեան Թեհրանի մէջ ներկայացուցած է TRIPP ծրագիրի իրականացման աշխատանքները
- (0)

ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թեհրան կատարած այցելութեան ընթացքին իր իրանցի պաշտօնակից Աբբաս Արաղչիին ներկայացուցած է հայ-ամերիկեան TRIPP ծրագիրի իրականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ անոր միջոցով տարածաշրջանի երկիրներուն ստեղծուելիք նոր հնարաւորութիւնները։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Միրզոյեան եւ Արաղչի քննարկած են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հետեւանքով ստեղծուելիք կարելիութիւնները եւ փոխկապակցուածութեան ծրագիրները։ Հանդիպման ընթացքին վերահաստատուած է Իրանի աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան առաջադրած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին։
Պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ պնդել, որ TRIPP ծրագիրը կրնայ շահաւէտ ըլլալ նաեւ Իրանի եւ Ռուսաստանի համար։ Թեհրան, սակայն, բազմիցս վերապահումներ արտայայտած է Սիւնիքի տարածքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապելու նախատեսուող երթուղիին շուրջ։
Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանը վերջերս յայտնած էր, որ Թեհրան սկզբունքօրէն չի հակադրուիր հայ-ամերիկեան ծրագիրին, պայմանով որ Իրանի սահմանակից տարածքներուն մէջ բացառուի Միացեալ Նահանգներու ռազմական կամ անվտանգային ներկայութիւնը եւ որ ծրագիրը չվնասէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան։ Իրանի համար անընդունելի կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական կամ տարածքային որեւէ փոփոխութիւն։
Միրզոյեան եւ Արաղչի քննարկած են նաեւ հայ-իրանական երկկողմ համագործակցութիւնը՝ յատկապէս ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման մարզերուն մէջ։ Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Իրան սահմանին երկրորդ կամուրջի կառուցման, ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծի շինարարութեան շուտափոյթ աւարտին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրումներու դիւրացման հարցերուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման հիմնական ուղղութիւնները, իսկ կողմերը ընդգծած են յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը, որ ներառուած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագիրին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան շարունակուող լարուածութեան։ Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ուղղակիօրէն չի մանրամասներ այդ հարցը, սակայն կը նշէ, որ Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի կողմէ ընթացիկ զարգացումներուն ուշադիր հետեւելու եւ առկայ խնդիրները բանակցութիւններու միջոցով լուծելու կարեւորութիւնը։
Պաշտօնական Թեհրան առայժմ Արաղչի-Միրզոյեան հանդիպումին վերաբերող մանրամասնութիւններ չէ հրապարակած։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Բաղայի նախապէս յայտնած էր, որ Միրզոյեանի այցը մաս կը կազմէ Հայաստան-Իրան երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման շուրջ շարունակուող խորհրդակցութիւններուն։