ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մասնաճիւղը շարունակական վերելքի եւ նոր նուաճումներու ճամբուն վրայ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ – 2025-2026 տարեշրջանի աւարտին մօտենալով, ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մասնաճիւղը ամփոփ ակնարկով մը կը ներկայացնէ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները։ Անդամակցութեան շարունակական աճը, մարզական ու սկաուտական ծրագիրներու զարգացումը եւ 70-ամեակի նախապատրաստութիւնները կը վկայեն անդամներու, կամաւորներու եւ պատասխանատուներու հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքին մասին՝ ի սպաս Մոնթրէալի հայ համայնքին։

8 մարտ 1958-ին խումբ մը տեսլական ունեցող հիմնադիրներու կողմէ հաստատուած «Կամք» մասնաճիւղը տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնացած է հայապահպանման առաքելութեան։ Այսօր, գործող վարչութեան նպատակն է այդ առաքելութեամբ շարունակել աշխատնքները։

Սկաուտական ու մարզական նոր տարեշրջանի տուեալներով, մասնաճիւղը այժմ ունի 713 գործուն անդամներ։ Վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր ծնողներուն՝ իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը մեր կազմակերպութեան վստահելուն համար:

Սկաուտութիւն. առաջնորդութեան եւ ծառայութեան դպրոց
—

Սկաուտական գործունէութիւններ մայիսէն սեպտեմբեր 2026

Սկաուտական խումբերը կը մնան մասնաճիւղի զարկերակը։ Մասնաճիւղս ունի 368 սկաուտներ, մոկլիներ, ջրշուներ, գայլիկներ, արծուիկներ, արիներ եւ արենոյշներ, երէցներ ու պարմանուհիներ. սկաուտութիւնը ոչ միայն արժէքներ կը փոխանցէ, այլեւ գործնական ներդրում կը կատարէ երիտասարդութեան ապագային։

Տարուան ընթացքին սկաուտական խորհուրդը եւ ենթայանձնախումբերը (ինչպէս Տեառնընդառաջի կամ մայիս 28-ի ենթայանձնախումբերը) ծաւալեցին եռուն գործունէութիւն։ Տեառնընդառաջի ենթայանձնախումբը ստանձնած էր աւանդական խարոյկի պատրաստութիւնն ու ապահովական բոլոր միջոցառումներու կազմակերպումը։ Պատասխանատուութեամբ, կարգապահութեամբ եւ իսկական ծառայողական ոգիով, անոնք յաջողեցան համախմբել համայնքը, ապահովել կոկիկ հոսքը եւ ստեղծել ջերմ ու հաճելի հաւաքոյթ մը: Իսկ 31 մայիս 2026-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ մայիս 28-ի տարեկան տողանցքն ու անոր յաջորդած համախմբումը։ Ձեռնարկը կարելի դարձաւ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի Սկաուտական Խորհուրդին, մայիս 28-ի ենթայանձնախումբին, խմբապետութեան, մարզիկներուն, մարզիչներուն, կամաւորներուն եւ անդամներուն համատեղ աշխատանքով։ Մասնաճիւղս երախտագիտութեամբ կը յիշէ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին, քոյր միութիւններուն, Գանատայի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ շրջանային մարզական ու սկաուտական մարմիններուն ներկայութիւնն ու աջակցութիւնը։ Յունական համայնքի սկաուտներուն մասնակցութիւնը եւ ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղին հետ միասնական տողանցքը եւս արտայայտեցին միջհամայնքային համագործակցութեան եւ համախմբումի ոգին։

Յուլիսին տեղի ունեցաւ սկաուտական ամառնային բանակումը՝ Awacamenj-Mino բանակավայրին մէջ, ուր մեծաթիւ մասնակիցներ նոր փորձառութիւններ ձեռք ձգեցին եւ անմոռանալի յիշատակներ ստեղծեցին։ Նոյն ամսուն մեր մասնաճիւղէն չորս սկաուտներ, եղբայրներ՝ Ռաֆֆի Դաւիթեան, Հրատ Քուշեան, Սեւակ Պապիկեան եւ քոյր Էմիլի Մարկորեան, մասնակցեցան Արարատեան կարգի բանակումին եւ ներկայացուցին իրենց ծրագիրները։ Անոնց աշխատանքը արժանացաւ գնահատանքի։

24 յուլիսէն 2 օգոստոս 2026-ին, մեր 54 սկաուտները մասնակցեցան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած 13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին։ Անոնց պատրաստուածութիւնը, ծառայութեան ոգին եւ նուիրումը համեստ, բայց խրախուսիչ վկայութիւն եղան տարիներու աշխատանքին մասին։ 28 Յուլիսին անոնք աշխարհի տարբեր շրջաններէն ժամանած 809 հայ սկաուտներու կողքին մասնակցեցան աշխարհի մեծագոյն մարդկային շուշանածաղիկի պատկերաւորման՝ ՀՄԸՄ-ի անունով Հայաստանի մէջ արձանագրուած Guinness-ի համաշխարհային մրցանիշի նախաձեռնութեան։

Ուղղուելով դէպի նոր տարեշրջան, նորակազմ Սկաուտական խորհուրդի առաջնորդութեամբ, 25 սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Յակոբ վարժարանի «Հաճէթեան» մարզասրահին մէջ, բացուեցաւ 2026–2027 սկաուտական տարեշրջանը՝ աւանդական փոխանցումներու արարողութեամբ եւ Արարատեան կարգի գնահատումով։ Հաւաքը շեշտեց միասնականութիւնը, կարգապահութիւնը, առաջնորդութիւնը, ծառայութիւնը եւ հայկական ժառանգութեան պահպանումը։ Աւանդական փոխանցումներու արարողութիւնը այս տարուան սրտի բաբախումն էր։ Մեր սկաուտները, խումբ առ խումբ, ներկայացան իրենց խմբապետներուն ու խմբապետուհիներուն հետ՝ մոկլիներ միացան ջրշուներուն խումբին, ջրշուները՝ գայլիկներու խումբին կամ արծուիկներու խումբին։ Իսկ գայլիկները միացան արիներու խումբին, արծուիկները՝ արենոյշներու խումբին․ ապա արիներն ու արենոյշները՝ երէցներու եւ պարմանուհիներու խումբին։

Իւրաքանչիւր խումբ հանդիսաւոր ներկայացումով ճամբեց աւարտական սկաուտները եւ միւս կողմէն յատուկ ձեւով դիմաւորեց նոր քոյրեր ու եղբայրներ։ Եւ ինչպէս ամէն տարի, անոնք գրաւեցին բոլոր ներկաներուն սրտերն ու ուշադրութիւնը։ Իսկ այս տարի խորհրդաւոր ձեւով Արենոյշ փոխանցուող 19 Արծուիկներն ու իրենց խմբապետուհին՝ քոյր Լիանա Տէր Մկրտիչեան, յիշեցին իրենց շատ սիրելի, վաղաժամ մեկնած քոյր Լենիա Եաղճեանը, որուն յիշատակը կը պահեն իրենց հոգիներուն ու սրտերուն մէջ յաւիտեան։

Յատուկ պահեր ստեղծուեցան, երբ մեր քոյրերն ու եղբայրները կատարեցին նոր խումբերու փոխանցումներն ու ստանձնեցին նոր պատասխանատուութիւններ եւ առաջնորդական նոր ուղիներ։

Նոր տարեշրջանը սկսաւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանով, նոր պատասխանատուներու, կամաւորներու, ծնողներու եւ համայնքային կառոյցներու շարունակական աջակցութեամբ։ Կարեւոր տեղ գրաւեց այս տարուան սկաուտական հաւաքին գնահատանք մատուցելը՝ երկարամեայ ծառայութենէ ետք սկաուտական շարքերը աւարտող քոյրերուն ու եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ յատուկ կոչումը՝ քոյր Էմիլի Մարկորեանին, իբր ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մասնաճիւղի նորանշանակ խմբապետուհի։

Եւ վերջապէս տարեշրջանի բացման արարողութեան կը ներկայացուի 2025-2026 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն՝ Արարատեան կարգի արժանացողները՝ եղբ. Հրատ Քուշեան, եղբ. Ռաֆֆի Դաւիթեան, քոյր Էմիլի Մարկորեան եւ եղբ. Սեւակ Պապիկեան։

Յատուկ յիշատակութեան արժանի է նաեւ մասնաճիւղի փողերախումբը (20 անդամ), Գօգօ Թաթոյեանի ղեկավարութեամբ, որ իր հանդիսաւոր նուագով կը շարունակէ զարդարել համայնքային տողանցքներն ու տօնակատարութիւնները։

Մարզական եւ Մարզական խորհուրդ
—

Մարզական յանձնախումբի նշանակումը կատարուեցաւ դեկտեմբեր 2025-ին։ Մարզական ծրագիրներու ընդլայնումը, մասնակիցներու թիւի աճը եւ մեր կամաւորներուն հետեւողական ներգրաւումը մղեցին վարչութիւնը կազմելու Մարզական Խորհուրդ մը, որպէսզի ստանձնէ ընթացիկ ծրագիրներուն համակարգումը եւ նոր նախաձեռնութիւններուն նախապատրաստութիւնը։ Այդ աշխատանքներուն շարքին են նոյեմբեր 2026-ին Թորոնթոյի մէջ կայանալիք խաղերուն մասնակցութիւնը, մայիս 2027-ին Պուէնոս Այրէսի՝ Արժանթինի մէջ նախատեսուած ցամաքամասային խաղերը եւ, յատկապէս, 2027-ի Գանատայի Շրջանային խաղերը, որոնց հիւրընկալութիւնը պիտի ստանձնէ ՀՄԸՄ-Կամք Մոնթրէալի մասնաճիւղը։ Մարզական Խորհուրդը այս ծրագիրներու իրականացման ընթացքին պիտի վայելէ վարչութեան ամբողջական աջակցութիւնը։

Մարզական բաժանմունքը եւս, նորանշանակ Մարզական խորհուրդի համակարգմամբ, լիովին պատրաստ է դիմագրաւելու 2027-ի մեծ մարտահրաւէրները՝ թէ՛ շրջանային, թէ՛ ցամաքամասային եւ թէ՛ մասնաճիւղային մակարդակներով։

Մարզական ծրագիրի շարունակական զարգացումը
—

Ապրիլ 25-ին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ Մոնթրէալի մարզական յանձնախումբը եւ ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղը կազմակերպեցին 111-ամեակին նուիրուած 7 քիլօմեթր վազքարշաւ մը։ Ձեռնարկը համախմբեց աւելի քան 120 մասնակիցներ, որոնք միասնաբար վազեցին Մոնթրէալի Parc Marcelin-Wilson յուշարձանէն դէպի Լաւալի յուշարձանը, Parc de l’Espoir։

Մայիս 26-ին, տարուան նախաձեռնութիւններէն մէկը եղաւ բացառիկ հանդիպում-երեկոյի կազմակերպումը Հայաստանի առաջին կին աշխարհի ախոյեան ծանրամարտիկ Նազիկ Աւդալեանի հետ։ Անոր կեանքի ուղին, որ կը մարմնաւորէ ներքին ուժ, կարգապահութիւն, համբերութիւն եւ կամք՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու, մեծ ներշնչում հանդիսացաւ մեր երիտասարդներուն, անդամներուն եւ համայնքին համար։ Ծանր վթարէ մը եւ երկարատեւ վերականգնումի ընթացքէ մը ետք, ան կրցաւ վերադառնալ մրցասպարէզ եւ կրկին հասնիլ իր մարզական ասպարէզի գագաթնակէտին։ Անոր վկայութիւնը արժէքաւոր առիթ մը ստեղծեց փոխանցելու յոյսի, հաստատակամութեան եւ ինքնավստահութեան պատգամներ, որոնք ներդաշնակ են ՀՄԸՄ-ի դաստիարակչական առաքելութեան։

Յունիսին կայացաւ «Յունական երեկոյ» հանգանակային ձեռնարկը՝ մարզական ծրագիրներուն նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով։

Յուլիսին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան նահանգային խաղերը, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան, որուն մասնակցեցան մեր անդամները։ Այս մարզական խաղերու եռանդուն մասնակցութիւնը, անգամ մը եւս կ’արտացոլէ միջմասնաճիւղային համագործակցութեան եւ համախմբումի ուժը:

Միւս կողմէն, նոր մարզաձեւեր կը համարուին ոտնագնդակի, վոլիպոլի, կողովագնդակի կողքին, ֆութսալի, ֆլոր հոքիի եւ սեղանի թենիսի ծրագիրները։ Ֆութսալը, ֆլոր հոքին եւ սեղանի թենիսը խորհուրդի զարգացման նոր ուղղութիւններէն են։ Հարկ է յիշել առողջութեան բարօրութեան ծրագիրը (wellness program), որուն մէկ դասը/հանդիպումը արդէն իսկ մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին, իսկ միւսները պիտի շարունակուին ընթացիկ տարուան ընթացքին:

Մարզական ծրագիրին զարգացումը կարելի է վերագրել ոչ միայն անդամներուն կամքին, այլ նաեւ մարզական բաժինի աստիճանական ընդլայնումին եւ մեր երիտասարդ մարզիկներուն արձանագրած յառաջընթացին՝ իրենց մասնակցած մրցումներուն եւ մարտահրաւէրներուն ընթացքին։ Այս արդիւնքները կը պատկանին մարզիկներուն, մարզիչներուն, ծնողներուն, կամաւորներուն եւ խորհուրդի անդամներուն հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքին։

Հարկ է նշել, թէ այս տարուան կողովագնդակի տարեշրջանի սկիզբէն առաջ՝ սեպտեմբեր 2026-ին կազմակերպուեցան ընտրական փորձեր՝ կողովագնդակի խումբերու կազմաւորման համար։

Մարզական պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.
– Կողովագնդակ (Basketball): 242 մարզիկներով եւ 8 խումբերով մասնաճիւղը կը մասնակցի Քեպէգի կողովագնդակի լիկ-ին (Quebec Basketball League)։ Տարեշրջանը կը շարունակուի մինչեւ մայիս ամիսը։
– Ոտնագնդակ (Soccer): 147 անդամ։ Ամառնային տարեշրջանի արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են։
– Վոլիպոլ: 26 անդամներ։

Մարզական բաժանմունքը այսպէս կը գտնուի աշխոյժ ընթացքի մէջ։

Արդիականացում եւ հայեացք դէպի 2027
—

Վարչական արդիականացման աշխատանքներուն մէջ նոր կայքէջի ծրագիրը տակաւին ընթացքի մէջ է, աշխատանքը կը շարունակուի աստիճանական ու կայուն յառաջընթացով՝ մասնաճիւղի լուրերն ու ծրագիրները բոլորին աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով։ Sport-plus-ի միջոցաւ կը շարունակուի նաեւ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան բարելաւումը, իսկ արժանաւոր անդամներուն յատուկ կրթաթոշակներ յատկացնելու ծրագիրը կը մնայ ընթացիկ թղթածրար մը։

Աշխատանքը կը շարունակուի նաեւ յառաջիկայ ամիսներու նոր հորիզոններուն, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն ուղղութեամբ։ Անոնց շարքին են 2027-ի Գանատայի Շրջանային խաղերը, որոնց հիւրընկալութեան կը պատրաստուի Մոնթրէալը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի 70-ամեակը, որուն տօնակատարութիւններու շարքը նախատեսուած է սկսիլ յառաջիկայ ամիսներուն։ Այս ծրագիրները տակաւին պատրաստութեան հանգրուանին են եւ պիտի զարգանան անդամներու, կամաւորներու ու պատասխանատուներու համատեղ աշխատանքով։

Այս իրագործումները առանձին յաջողութիւններու ցուցադրութիւն չեն, այլ մեր երիտասարդներուն հանդէպ ստանձնուած պատասխանատուութեան շարունակութիւնը։ Վարչութիւնը, խորհուրդները, կամաւորները եւ անդամները կը շարունակեն քայլ առ քայլ ստեղծել միջավայր մը, ուր երիտասարդները կրնան զարգանալ, ծառայել եւ ամրապնդել իրենց կապը մեր լեզուին, պատմութեան ու ինքնութեան հետ։

Կատարուած աշխատանքը հաւաքական ճիգի արդիւնք է, իսկ յառաջիկայ քայլերը կը մնան նոյնքան համեստ ու հետեւողական։ Այս ընթացքին յաջորդ կարեւոր հանգրուանը պիտի ըլլայ մասնաճիւղի Ընդհանուր Ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 27 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ։ Ժողովը առիթ պիտի ընծայէ անդամներուն միասին արժեւորելու կատարուած աշխատանքը, քննարկելու յառաջիկայ առաջնահերթութիւնները եւ շարունակելու մեր առաքելութիւնը՝ հաւաքական պատասխանատուութեամբ։

Ինչպէ՞ս անդամագրուիլ
—

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին դառնալ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ-ի անդամ կամ արձանագրուիլ մարզական ու սկաուտական շարքերուն, կրնան միանալ https://www.homenetmenmontreal.com էջին կամ կապ հաստատել մասնաճիւղին հետ, հեռաձայնելով 514-331-1872 հեռախօսահամարին, կամ գրելով ե-նամակի մեր հասցէին՝ homenetmen.gamk.executive@gmail.com