Գեմպրիճի մէջ ներկայացուեցաւ «Սէրը կը յաղթէ» թատերգութիւնը

Համազգայինի Գեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Ճորճ Սարգիսեան» թատերախումբը հրաւիրուած էր ներկայացնելու «Սէրը կը յաղթէ» թատերգութիւնը՝ բեմադրութեամբ Սեդա Քէշիշեանի եւ օգնական բեմադրիչ Տիգրան Քէպապճեանի։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քիչընըրի հանրային գրադարանի թատերասրահին մէջ։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ալին Թաթարեան, որ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած քաջալերանքին համար, ապա հրաւիրեց Ռազմիկ Կարպուշեանը, որ ընթերցեց բեմադրիչ Սեդա Քէշիշեանի կենսագրականը եւ թուեց անոր բեմադրած թատերգութիւնները։

Սրահի հոծ բազմութիւնը մեծ հաճոյքով վայելեց «Սէրը կը յաղթէ» թատերգութիւնը, որուն հիմնական պատգամը սէրն ու փոխադարձ յարգանքն էին։

Աւարտին, Սեդա Քեսապլեան, «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Սէրը կը յաղթէ՝ երկու բառեր, որոնք կեանքի ընթացքին կը ցոլացնեն մեծ պատգամ մը՝ սէր, հաւատարմութիւն եւ փոխադարձ անկեղծութիւն»։

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ շնորհակալական խօսքերով եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններով։

Սալբի Քէլէշեան
«Հորիզոն»