Հունգարիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ տոքթ. Թամաշ Թուրտեան

\n

Ապրիլ 6-ին, Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցան Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ։ Հունգարիոյ Սահմանադրութեան մէջ գրուած է, որ Հունգարիոյ պետութիւնը, երկիրը կառուցած քանի մը ազգերու՝ այդ կարգին նաեւ հայերու պետութիւնն է։

\n

Հունգարիոյ հայութիւնը, օգտուելով երկրի ընտրական նոր օրէնքի կարելիութիւններէն, ըստ որոնց, այն փոքրամասնութիւնները, որոնք մասնակցած են Հունգարիոյ պետութեան ստեղծման, կրնան երեսփոխան ունենալ Ազգային Ժողովին մէջ, վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իր թեկնածուն առաջադրեց եւ երեսփոխան ընտրեց հունգարահայ համայնքի անդամ տոքթ. Թամաշ Թուրտեանը։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.