Հալէպի մէջ՝ պատերազմական վիճակ

\n

\n

Այսօր 17 Ապրիլ 2014ին, վաղ առաւօտեան ժամերէն Հալէպը բոլորովին այլ կացութեան մէջ յայտնուեցաւ:

\n

Պատերազմական վիճակ է Հալէպի մեծաթիւ շրջաններու մէջ:

\n

Հայաբնակ կարգ մը շրջաններ ինչպէս Նոր Գիւղ եւ Սիւլէմանիէ համարեա՛ ամայութիւն է:

\n

Հիմնական բախումներ տեղի կ՚ունենան Աղիօլ, Պապ Ալ Հատիտ եւ Սէքէնէթ Հանանօ շրջաններուն մէջ:

\n

Միւս կողմէն օժանդակութեան աշխատանքները կը շարունակուին, սննդամթերք եւ կենցաղային պիտոյքներու կողովներ կը բաժնուին, վիրաւորներ կը փոխադրուին եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւորներու այցելութիւն կը կատարուի:

\n

Ցարդ արձանագրուած է մէկ վիրաւոր` Կարօ Աւագեան (1966ի ծնունդ), որ վիրաւորուած է Ճապրիէի շրջանին մէջ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.