Էրտողանը Մատ Շարժած է Օպամայի վրայ՝ Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Թէժ Զրոյցի Ժամանակ

\n

\n

 

\n

Փուլիցըր մրցանակի դափնեկիր՝ ամերիկացի լրագրող Սէյմուր Հերշը, London Review of Books երկշաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած “Կարմիր գիծը եւ առնէտային արահետը”  ուշագրաւ յօդուածին մէջ բացայայտած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 2013 թուականի Օգոստոսի 21-ին, զարին քիմիական կազի կիրառումով՝ գաղտնի յարձակում կազմակերպած էր Սուրիոյ վրայ, սպաննելով հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յոյս ունէր, որ սուրիական վարչակարգը պիտի մեղադրուէր այս յարձակման համար, որուն պիտի հետեւէր Միացեալ Նահանգներու պատասխան հարուածը Սուրիոյ վրայ, քանի որ նախագահ Օպաման զգուշացուցած էր Սուրիոյ ղեկավարները, որ ապստամբ զինեալներու դէմ քիմիական զէնք կիրառելով անոնք պիտի հատեն “կարմիր գիծը”:

\n

Էրտողանի դաւադրութիւնը գրեթէ աշխատեցաւ: Քիմիական յարձակումէն ետք, Օպաման նախապատրաստուեցաւ ամերիկեան զանգուածային հարուած հասցնելու սուրիական տասնեակ թիրախներու, նոյնիսկ, երբ բրիտանական հետախուզութիւնը տեղեկացուցած էր ԱՄՆ գլխաւոր սպայակոյտը, որ յարձակման վայրէն վերցուած զարին կազի նմուշները չէին համապատասխաներ Սուրիոյ տրամադրութեան տակ եղած քիմիական զէնքերուն: Ամերիկեան հետախուզութեան նախկին աշխատակիցը՝ Հերշին, ըսած էր. “Յայտնի էր, որ Էրտողանը կը սատարէ ապստամբ ընդդիմութեան մէջ ճիհատական “ալ-նուսրա ճակատ” խմբակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամիստական ապստամբ այլ խմբաւորումներ”: Հերշը պարզած էր, որ ԱՄՆ ռազմական հետախուզութիւնը 2013 թուականի Յունիս 20-ին պատրաստած էր “յոյժ գաղտնի” փաստաթուղթ մը, հաստատելով, որ “Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող քիմիագէտները փորձած էին զարին կազի բաղադրիչներու մեծ խմբաքանակ ստանալ տասնեակ քիլոկրամներով, հնարաւոր է, Սուրիոյ մէջ զանգուածային արտադրութեան փորձի համար”:

\n

Արդարեւ, նախորդ տարուան Մայիսին Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցան “ալ-նուսրա ճակատ”-ի քանի մը անդամ, որոնց մօտ յայտնաբերուած էր երկու քիլոկրամ զարին: Թրքական դատարանը մեղադրեց խումբը Սուրիոյ վրայ քիմիական յարձակում սկսելու համար յարակից այլ նիւթեր ձեռք բերելուն մէջ: Շուտով ձերբակալուածներէն հինգը ազատ արձակեցին, իսկ մնացածը ազատեցին մինչեւ դատը: Սակայն անոնք անյետացան…

\n

2013 թուականի գարնան, նախապէս տեղի ունեցած քիմիական յարձակումները հետաքննելու նպատակով, ՄԱԿ-ի յատուկ առաքելութեան Սուրիա մեկնելէն ետք, ՄԱԿ-ի գործունէութեան լաւատեղեակ անձնաւորութիւն մը յայտնած էր Հերշին, որ “ապացոյցներ կան սուրիական ընդդիմութեան` Հալէպի մօտ գտնուող Խան ալ-ասալ գիւղին մէջ Մարտ 19-ին արձանագրուած առաջին կազային յարձակման հետ ունեցած առնչութեան վերաբերեալ…. Ակնյայտ էր, որ ապստամբները կազ կիրառած էին”:

\n

2013 թուականի Սեպտեմբերին Սուրիոյ վրայ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական համատեղ յարձակումէն անմիջապէս առաջ՝ նախագահ Օպաման անսպասելիօրէն որոշեց յետաձգել հարուածը, պատճառաբանելով, որ անհրաժեշտ է ստանալ Քոնկրէսի հաւանութիւնը: Յարձակման յետաձգման իրական պատճառը նախագահի բացայայտումն էր, որ իրեն Սուրիոյ դէմ “անհիմն” յարաձակման դրդած էր Թուրքիան, սակայն ան չուզեց հրապարակաւ ընդունիլ իր սխալը` որ կրնար ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Ճակատագրի հեգնանքով, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովն էր, որ փրկեց նախագահ Օպաման դժուար կացութենէ` երաշխաւորելով Սուրիոյ համաձայնութիւնը յանձնելու իր քիմիական զէնքի պաշարները, ատով իսկ քօղարկման միջոց ապահովելով նախագահի համար` հրաժարելու իր յարձակման սպառնալիքէն:

\n

Հետաքննող լրագրող Հերշը նաեւ պարզած էր, որ քիմիական զէնքերը հասած էին սուրիացի ապստամբներուն ԿՀՎ-ի “առնէտային արահետ” անունով գործողութեան միջոցով (թուրք-ամերիկեան գաղտնի համաձայնութիւն, 2012 թ.), որպէսզի Լիպիայէն զէնք ու զինամթերք տեղափոխեն Սուրիա Թուրքիոյ տարածքով: Լիպիոյ մէջ Պենկազիի ամերիկեան հիւպատոսարանին վրայ ահաբեկչական յարձակումէն ետք, այս գաղտնի գործողութեան կեդրոնը` ԱՄՆ-ը, դուրս եկաւ նշուած գաղտնի համաձայնութենէն, սակայն Թուրքիան շարունակեց լիպիական զէնք մատակարարել սուրիական ապստամբներուն:

\n

Քանի որ ապստամբները 2012 թուականի աւարտին կը պարտուէին Ասատի վարչակարգին դէմ մղուող պայքարին, ամերիկացի հետախոյզ մը յայտնած է Հերշին, որ “Էրտողանը զայրացած էր”, որ անոր ստիպեց դաւադիր ծրագիր մը մշակել, որմով ապստամբները զարին կազ կիրառելով սուրիական կառավարութեան կեղծ մեղադրանք պիտի ներկայացնէին, այսպիսով դրդելով Միացեալ Նահանգները յարձակելու Սուրիոյ վրայ:

\n

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ վարչապետը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, որպէսզի անձամբ ներկայացնէ Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակման իր ծրագիրը` փրկելու համար ապստամբները հասատ պարտութենէ: 2013 թուականի Մայիս 16-ին Էրտողանը, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ հետախուզութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ միասին, աշխատանքային ճաշ ունեցած է Սպիտակ տան մէջ նախագահ Օպամայի, պետական քարտուղար Ճոն Քերիի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Թոմ Տոնիլոնի հետ: Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններ սկսելու Օպամայի դժկամութենէն վրդովուած, Էրտողանը “սրիկայաբար մատ շարժած է նախագահի վրայ Սպիտակ տան մէջ”, Տոնիլոնը զեկուցած է այս շշմեցուցիչ դրուագին մասին արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտի մը, որն ալ այդ մասին յայտնած է Հերշին: “ԿՀՎ աջակցութեամբ Սուրիա զէնք առաքելուն վերջ դնելու ամերիկեան որոշումը Էրտողանը անպաշտպան ձգեց քաղաքական եւ ռազմական առումով”, բացատրեց Հերշը: “Առանց ապստամբներուն ցուցաբերուող ամերիկեան ռազմական աջակցութեան, ըսաւ նախկին հետախոյզ մը, “Էրտողանի` Սուրիոյ մէջ կախեալ պետութիւն ունենալու երազանքը յօդս կը ցնդի եւ ան  կը կարծէ` մեր մեղքով: Եթէ Սուրիան յաղթէ պատերազմը, ան գիտէ, որ ապստամբները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի դառնան իր դէմ. ալ ո՞ւր կրնան երթալ անոնք: Ուստի, ան պէտք է ունենաայ հազարաւոր արմատականներ իր երկրին մէջ”:

\n

2013 թուականի Օգոստոսին Դամասկոսի Կուդա արուարձանին մէջ  քիմիական  յարձակումէն ետք նախկին հետախոյզ մը ըսած էր Հերշին. “Այժմ մենք գիտենք, որ ատիկա գաղտնի գործողութիւն էր` ծրագրուած Էրտողանի մարդոց կողմէ, որպէսզի Օպաման դրդեն հատելու կարմիր գիծը…. Գործարքը տպաւորիչ եւ ուշագրաւ պէտք է ըլլար…. Զարինը մատակարարուած էր Թուրքիոյ միջոցով”:  Ըստ Հերշի զեկոյցին` թուրք պաշտօնեաներու մեղսակցութեան միւս ազդանշանը Միացեալ Նահանգներու կողմէ գաղտնալսուած հեռախօսազանգերն էին, որոնցմով կը բացայայտուէր անոնց ուրախութիւնը յաջող քիմիական յարձակում կազմակերպելուն համար…

\n

Հերշը իր բացայայտումը կ’եզրափակէ ԱՄՆ հետախուզութեան նախկին աշխատակիցի առաւել մտահոգիչ դիտողութեամբ. “Ես հարցուցի իմ գործընկերներուս, թէ կա՞յ արդեօք որեւէ միջոց կանգնեցնելու Էրտողանի շարունակական աջակցութիւնը ապստամբներուն, յատկապէս հիմա, երբ գործերը այնքան անյաջող կ’ընթանան, ան պատասխանեց. “Մենք անտանելի վիճակի մէջ ենք: Կրնանք ամէն ինչ յայտնել, եթէ Էրտողանի փոխարէն ուրիշ մէկը ըլլար, սակայն Թուրքիան առանձնայատուկ դէպք է: Ան ՆԱԹՕ-ի մեր դաշնակիցն է: Թուրքերը չեն վստահիր Արեւմուտքին: Անոնք չեն կրնար մեր կողքին մնալ, եթէ մենք թրքական շահերուն դէմ գործօն դիրքորոշում ունենանք: Եթէ յայտարարենք, թէ ինչ դեր խաղացած է Էրտողանը կազի հետ կապուած պատմութեան մէջ` անիկա կործանարար պիտի ըլլայ: Թուրքերը պիտի ըսեն. “Մենք կ’ատենք ձեզ այն բանին համար, որ մեզի կը թելադրէք, թէ ինչ կրնանք ընել եւ ինչ` ոչ”:

\n

Վերջին հարիւր տարիներու իրերայաջորդ ամերիկեան կառավարութիւնները այդպէս ալ չեն կրցած հասկնալ կարեւոր աշխարհառազմավարական ճշմարտութիւն մը, որ Թուրքիան աւելի շատ ունի Միացեալ Նահանգներու կարիքը, քան ԱՄՆ-ը երբեւէ կ’ունենայ անոր կարիքը: Անկասկած, որեւէ սարսափելի սխալ կը կատարուի, երբ “պոչն է, որ կը շարժէ շունը”…

\n

Յարութ Սասունեան 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.