ՔԵՍԱՊԻ ԴԷՄ ԴԱՒ

\n

\n

 

\n

Տեղականէ, տեղայնականէ եւ քաղաքական համարուած (չ)իմաստութիւններէ տարբեր մտածում եւ նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ են:

\n

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ շղթայազերծուած պայքարին զօրավիգ կանգնող «մեծեր»ը նախօրօք մտածա՞ծ էին ապահովական միջոցներու մասին, որպէսզի նոր ոճիրներ չգործուին անպատիժ մնացած նախկիններու հունով:

\n

Հայկական Կիլիկիոյ պարպումէն եւ յանձնումէն երկու տասնամեակ ետք, Ֆրանսան Ալէքսանտրէթի սանճաքը զիջած էր Թուրքիոյ, ցեղասպանութենէ ճողոպրած այդ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան պարտադրելով նոր տեղահանութիւն, գաղթականութիւն, ցեղասպանութեան շարունակութիւն եւ հայրենազրկում:

\n

Յաջորդական այդ զիջումները անտարբերութեամբ ընդունած էին միջազգային համայնքը, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց կարգախօսներով փքուող պետութիւնները, տուրք տալով ռէալ փոլիթիքին: Գութի փշրանքներ փոխարինած էին իրաւունքը:

\n

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ երբ պայքար կը շղթայազերծէին, մտածա՞ծ էին հաւանական փորձուած եւ մոլեռանդ «գործակիցներ»ու մասին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին ծնունդ չտան նոր անարդարութիւններու, ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ: Այսօր իրողութիւն է, որ փոխան արդարութեան եւ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ, դէմ առ դէմ կը գտնուինք աւերածութիւններու, անմեղներու մահուան, կրօնական հալածանքներու, մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու, օրինակ, դրամաշորթութեան համար առեւանգումներու:

\n

Անպատժելիութեան այս մթնոլորտին մէջ, Թուրքիան նոր տեսակի վարձկաններով «սանճաք»ի նուէրէն փրկուած հայկական Քեսապը կը գրաւէ, հայ ժողովուրդի հոն ապրող մնացորդացին պարտադրելով նոր գաղթականութիւն, ուժի ամբարտաւան ցուցադրութիւն մը՝ հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակի նախօրեակին: Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ֆրանսան, ցեղասպանութիւնը Մեծ Եղեռն կոչող Միացեալ Նահանգներու նախագահը, եւ այն բոլոր երկիրները որոնք հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շնորհը ըրած են, ըսելիք, եւ մանաւանդ՝ ընելիք չունի՞ն:

\n

Իրենց նախահայրերու հողէն եւ պապենական տուներէն արտաքսուած են քաղաքայիններ, որոնք պատերազմիկ կողմ չէին: Ի՞նչ անուն կարելի է տալ այս նախնական եւ վայրագ ընկերութիւններու յատուկ վերաբերումին: Գրաւել եւ հաստատուիլ ուրիշի տան մէջ: Դեռ կարելի է ուրախ ըլլալ որ բռնագրաւողները չեն ջարդած տեղւոյն բնակչութիւնը, ինչ որ զարմանալի պիտի չըլլար:

\n

Սուրիոյ վարչակարգին դէմ գործելու ընթացքին, պէտք է նշել որ ոչ ոք նկատի առած էր կողմնակի բացասականութիւնները, ինչպէս փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնները: Մեծ տէրութիւնները կրնայի՞ն անգիտանալ այդ հետեւանքները եւ այսօր ընդունելի՞ է, որ պատասխանատու չըլլան այդ սխալներուն համար: Իսկ եթէ գիտակցաբար այդ սխալը գործած են, ո՞ր միջազգային դատարանին հաշիւ պիտի տան:

\n

            Հայաքաղաք Քեսապի դէմ գործուած նախայարձակման ուղղակի եւ անուղղակի պատասխանատուութիւնները պէտք է որ ճշդուին,  ուղղակի նախայարձակման յանցանք եւ կրաւորականութեամբ յանցանք: Այս պարագային, եթէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը անատակ ըլլայ իրաւունքը վերահաստատելու, ապահովելու գաղթականնրու վերադարձը եւ արդար հատուցում ընելու, որպէսզի զոհերու տուները, տնտեսութիւնը եւ բնական կեանքի պայմանները վերստին ստեղծուին, հարկ է բողոքել: Եթէ անցեալի եւ ներկայի «մեծ տէրութիւններ»ը չէին գիտեր թէ ինչե՜ր կրնային պատահիլ, երբ Թուրքիոյ գործակցութեամբ սուրիական հարց կ’ուզէին լուծել, պարզապէս արգահատելի են եւ յանցաւոր: Թուրքիան հաւատարիմ է իր ծաւալապաշտ վարքագիծին, այդ ծաւալապաշտութեան ճամբան հարթողները յանցագործ են եւ հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր որ ալ գտնուին, իրենց բողոքը եւ ցասումը պէտք է արտայայտեն, առանց տուրք տալու պատշաճեցումներու եւ սէրերու:

\n

            Հայաստանի Հանրապետութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամի հանգամանքով, միջազգային քննչական մարմին ստեղծելու պահանջով հրապարակ պէտք որ գայ: Պէտք որ եկած ըլլար: Այս նոր բռնագրաւման եւ գաղթականութեան պարտադրանքին դէմ համազգային եւ բոլոր միջոցներով եթէ ոտքի չկանգնի մեր ժողովուրդը, տարի մը վերջ ցեղասպանութեան 100-ամեակ նշելու նախաձեռնութիւնները կը դառնան ընկոյզի դատարկ կճեպ:

\n

Այս նոր բռնագրաւումը կանխիկ պատասխան է 100-ամեակի սպասուող զօրաշարժին:

\n

            Ըստ ընկալեալ սովորութեան, բարեսիրական աղուոր զգացումները, զօրակցութիւնները եւ հաղորդագրութիւնները պէտք չէ ստուեր ձգեն էական հարցին վրայ:

\n

Անպատժելիութեան վարժ Թուրքիոյ ձեռքերը ազատ ձգողները եւս հաշիւ պէտք է տան, դադրելով ամէնագէտ իրաւարարի դերը խաղալէ:

\n

Վերականգնումը ճառերու գումար չէ, վերհամայնաքային եւ վերմրցակցային է: Այս իրաւ ազգային գիտակցութիւնը պէտք է ներշնչել, որպէսզի ստեղծուի համազգային յանձնառութեան ալիքը:

\n

Յ. Պալեան

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.