Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետներուն տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական տօներէն մէկն է, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ ազգի եկեղեցական, ազգային, իմացական ու գոյացական ամենավեհ յոյզերն ու գաղափարները:

Այս առթիւ, Կիրակի, 10 Հոկտեմբեր 2021-ին,  տնօրինութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, յընթացս Ս. Պատարագին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի ունեցաւ հայ ուսուցչաց օրհնութիւն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն, եւ ապա կատարեց ուսուցչաց օրհնութիւն:

Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին Գերաշնրհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանն ու Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանը:

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, Հիւպատոսն ու Առաջին քարտուղարը,  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեանը, Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանին, «Հորիզոն»ի Վարիչ խմբագիր Պրն. Վահագն Գարագաշեանը, ինչպէս նաեւ գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու անդամներ:

Նախքան քարոզը, Սուրբ Յակոբ վարժարանի իններորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան ասմունքով:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ս. Թարգմանչաց վարդապետներու վաստակն ու կտակը, նշելով, որ Թարգմանիչ վարդապետները մեր կրօնական ու ազգային կեանքը ամրագրեցին հայօրէն, դարձան ազգային մեր գոյապայքարի ռահվիրանները, մեզի կտակեցին հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ գոյատեւման ամէնէն ազդու ու հզօր զէնքը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց շեշտելով, որ այսօր եւս, հայ եկեղեցւոյ ու հայ Դպրոցին շնորհիւ, հայ աշակերտը կը պահպանէ իր ինքնութիւնը՝ փրկուելով օտար ազդեցութիւններու եւ ձուլումի վտանգէն եւ իր խօսքը ուղղելով հայ ուսուցիչներուն, նշեց, որ Թարգմանչաց տօնը արդարացիօրէն նաեւ հայ ուսուցիչներուն տօնն է, որովհետեւ հայ ուսուցիչները նոր սերունդի մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան աշխատանքին լծուած առաքեալներն են:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց բոլոր ուսուցիչները եւ ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Հայաստան աշխարհի, սահմաններու ապահովութեան եւ հայկական բանակի հզօրացման ու անսասանութեան համար:

Սուրբ Պատարագէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պսմաճեան» Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Հայրենի դեսպանին ու դեսպանատան անձնակազմին:

Ընդունելութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգայի վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը: Այնուհետեւ, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկին Դեսպանը, որ իր հերթին կարեւորեց Թարգմանչաց տօնին նշանակութիւնն ու գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանին կատարած հայրենանպաստ աշխատանքները:

Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին գնահատեց հայրենի պատուիրակութեան ծաւալած դիւանագիտական  աշխատանքները, նշելով, որ Հայաստանէն հեռու՝ օտար ափերու վրայ, բոլորս ալ նոյն առաքելութեան ու նպատակին կը ծառայենք, կազմակերպելու մեր համայնքները եւ նեցուկ կանգնելու մեր հայրենիքին:

ԴԻՒԱՆ

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.