Լիբանանի Հայ Դատի Պատուիրակութիւնը Եւրոպական Միութեան Դեսպանատան քաղաքական խորհրդատուին հետ քննարկեց Արցախի հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան եւ Գրիգոր Հաշէօլեան Օգոստոս 11-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպանի քաղաքական խորհրդատու Թու Քրիսթոֆըր Ուեսթհոֆի հետ:

Պատուիրակութիւնը դեսպանի խորհրդատուին ներկայացուց Արցախի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ տիրող կացութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով ազրպէյճանական ուժերու կուտակման մասին:

Պատուիրակութիւնը նշեց, որ ուժերու կուտակումներուն ու Ազրպէյճանի ներքին զարգացումներու ժխտական ազդակին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած է մտահոգիչ մթնոլորտ մը, ուր լրջօրէն եւ ուղղակի կերպով վտանգուած է Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն ուժ չկիրարկելու սկզբունքը:

Պատուիրակութեան անդամները նաեւ շեշտեցին կարեւորութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման եւ ուժի կիրարկման բացառման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի կողմէ առաջարկուած զինադադարի հսկողութեան մեքանիզմի շուրջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան, զոր ազրպէյճանական կողմը կը մերժէ մինչեւ օրս:

Եւրոպական Միութեան դեսպանի խորհրդականը արծարծուած հարցերուն եւ մտահոգութիւններու վերաբերեալ հասկացողութիւն ցուցաբերելէ ետք, նշեց, որ անմիջապէս անոնց վերաբերեալ զեկուցում մը պիտի պատրաստէ եւ փոխանցէ Պրիւքսել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընին պիտի ներկայացնէ հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.