Խմբագրական. Մեր պատասխանը՝ գործն է

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը լաւագոյն վկան է այն իրողութեան, որ ազգային իտէալներու կենսագործումը կը պահանջէ հաւատաւոր, հետեւողական եւ աննահանջ աշխատանք։ Այն աշխատանքը, որուն շնորհիւ կրցած ենք դիմագրաւել ամէնէն ծանր փորձութիւնները, վերականգնիլ պարտութիւններէն եւ շարունակել մեր ազգային երթը։

Այս համոզումը սոսկ սկզբունք մը չէ մեզի համար, այլ՝ սերունդներու փորձառութեամբ ամրագրուած կենսակերպ։

Մեր պատմութեան ընթացքին չեն պակսած քննադատողները, մեր վաստակը նսեմացնողները եւ չարախօսութեամբ զբաղուող մանկլաւիկները։ Շատեր եկած ու անցած են՝ իրենց ետին ձգելով միայն ժամանակաւոր աղմուկ մը։ Պատմութիւնը վաղուց մոռացութեան մատնած է անոնցմէ շատերը, մինչդեռ մեր գաղափարական հաւատամքը, ազգային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գոյատեւել եւ գործել։ Ո՛չ թէ որովհետեւ զերծ եղած ենք սխալներէ, այլ որովհետեւ երբեք չենք կորսնցուցած գործելու կամքն ու մեր առաքելութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը։

Այսօր, երբ հայրենի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը կը սպառնայ խարխլել մեր ազգային կեանքի հիմնասիւները, ուրացման ենթարկել պատմական իրաւունքները եւ խաթարել մեր հաւաքական ինքնագիտակցութիւնը, մեզի համար ընկրկումը ընտրութիւն չէ։ Ընդհակառակը, ստեղծուած պայմանները կը պարտադրեն աւելի վճռական դիմադրութիւն, աւելի ամուր կազմակերպուածութիւն եւ աննահանջ աշխատանք։

Անշուշտ, պէտք է քննադատել, բացայայտել սխալներն ու պատասխանատուութիւն պահանջել։ Սակայն քննադատութիւնը ինքնանպատակ զբաղումի վերածելը, ամէն ձախողութեան համար յանցաւորներ որոնելը եւ այդքանով բաւարարուիլը ոչ մէկ կացութիւն կը փոխէ։ Աւելին՝ յաճախ այդ մօտեցումը սեփական պատասխանատուութենէն խուսափելու ամենէն դիւրին, երբեմն ալ ամենէն վախկոտ ճանապարհն է։

Մեր ընելիքը այլ տեղ է։

Հայաստանի քաղաքական պայքարի դաշտին վրայ, Հայ Դատի յանձնախումբերու միջազգային գործունէութեան ընդմէջէն եւ Սփիւռքի մեր դպրոցներու, եկեղեցական եւ քոյր կառոյցներու ամրապնդումով՝ մեր պայքարը պէտք է շարունակուի բոլոր ճակատներուն վրայ։

Սակայն այս բոլորին կողքին, իր անփոխարինելի տեղը ունի իւրաքանչիւր հայու անձնական յանձնառութիւնը՝ մեր լեզուին, մշակոյթին, ինքնութեան եւ ազգային իտէալներուն տէր կանգնելու հաստատակամութեամբ։ Ազգային գոյապայքարը կը ծաւալի նաեւ մեր առօրեային մէջ՝ մեր տուներէն ու վարժարաններէն մինչեւ համայնքային կեանքի բոլոր բնագաւառները։ Իւրաքանչիւրիս ստանձնած պատասխանատուութիւնն ու կատարած աշխատանքը կը զօրացնեն մեր հաւաքական կամքը եւ կը նպաստեն մեր ազգային նպատակներու իրագործման։

Մեր ժամանակն ու հաւաքական ուժը չափազանց թանկ են՝ զանոնք ամուլ վէճերու եւ անիմաստ մեղադրանքներու մէջ սպառելու համար։ Մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կը պահանջեն ոչ թէ աղմուկ, այլ՝ արդիւնք, ոչ թէ յուսալքում, այլ՝ յարատեւութիւն։

Թող ուրիշներ շարունակեն դատել, քննադատել ու դատապարտել։ Մեր պարտականութիւնն է շարունակել կառուցել, կազմակերպել եւ պայքարիլ։

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ ժամանակի փորձութեան կը դիմանան ոչ թէ ամէնէն բարձր խօսողները, այլ՝ ամէնէն հաւատարմօրէն ծառայողները։

Եւ ի վերջոյ, մեզ պիտի դատեն ո՛չ թէ մեր ըսածներով, այլ՝ մեր կատարած ու չկատարած գործերով։ Մե՛ր մտահոգութիւնը այդ պէտք է ըլլայ։

«Հորիզոն»