Փաշինեան կ՚առաջարկէ տարածքներու փոխանակում եւ փոխադարձ պահանջներէ հրաժարում՝ Ատրպէյճանի հետ

ԵՐԵՒԱՆ— Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 14-ին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անկլաւներու եւ էքսկլաւներու հարցը պէտք է լուծուի տարածքներու փոխանակման միջոցով՝ ներկայացնելով երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան իր պատկերացումը։

Հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ Փաշինեան նշեց, որ սահմանազատումն ու սահմանագծումը պէտք է կատարուին Ալմա Աթայի հռչակագրին հիման վրայ, իսկ Հայաստանի տարածքը պէտք է կազմէ 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր։

«Սահմանի այս եւ այն կողմում անկլաւներ եւ էքսկլաւներ պէտք չէ ըլլան», յայտարարեց ան՝ առաջարկելով համապատասխան չափերով տարածքներու փոխանակում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ շեշտելով, որ բոլոր ճանապարհներն ու փոխադրական ուղիները պէտք է բացուին թէ՛ TRIPP ծրագիրին ծիրէն ներս, թէ՛ անկէ դուրս։ Ան նշեց, որ Հայաստանը պէտք է կարենայ իր տարածքներուն միջեւ հաղորդակցիլ Ատրպէյճանի տարածքով, իսկ Ատրպէյճանը՝ Հայաստանի տարածքով։

Ան միաժամանակ յայտարարեց, որ երկու երկիրները պէտք է հրաժարին փոխադարձ պահանջներէն՝ յատկապէս յիշատակելով Արցախը, Գարդմանը, Շիրվանը, Նախիջեւանը եւ Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հասկացութիւնը։ Սակայն ան չյստակացուց, թէ այս մօտեցումը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին եւ Արցախի հարցին առնչուող հայկական պահանջներուն վրայ։

Փաշինեանի համաձայն, Թուրքմենիստանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շփումներէն ետք նախնական տպաւորութիւն ստացած է, որ խաղաղութեան իր ներկայացուցած պատկերացումը իրականացնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի։

Այս յայտարարութիւնները կը հնչեն այն պայմաններուն մէջ, երբ Պաքու կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման նախապայման։

Թէեւ Երեւան կը հերքէ, որ գործող Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը պարունակէ, Փաշինեանի կառավարութիւնը կը մշակէ նոր Սահմանադրութիւն մը, որմէ պիտի բացակայի Անկախութեան հռչակագրին յղումը։

Հոկտեմբեր 13-ին, Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը քննարկած է նոր Սահմանադրութեան նախագիծը։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ նախագիծը պիտի ներկայացուի հանրաքուէի, եւ արդեօք սահմանադրական փոփոխութիւնները ուղղակիօրէն պիտի կապուին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին։

Նշենք, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն, երկրի տարածքի փոփոխութեան վերաբերող հարցերը ենթակայ են հանրաքուէի։