Թուրքիոյ Մօտ Ամերիկայի Դեսպանութեան Թեկնածուն «1915ի Ողբերգական Իրադարձութեանց» Արդար Ճանաչումը Կ՛ուզէ
July 16, 2014\n \nՅուլիս 15ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր վկայութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ճան Պես յայտնած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն անկայունութիւնը աւելի հրատապ դարձուցած է Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը:\n «Կը շարունակենք ...