«Հայաստան» դաշինքը ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ին ներկայացուց ընտրախախտումներու մասին իր գնահատականը

ԵՐԵՒԱՆ — «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արթուր Խաչատրեան եւ Լիլիթ Գալստեան յունիս 16-ին հանդիպում ունեցած են ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց փոխանցած դաշինքի գնահատականը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն եւ հետընտրական զարգացումներուն վերաբերեալ։

Լիլիթ Գալստեան իր դիմատետրի էջով յայտնած է, որ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած են դաշինքի դիտարկումները նախընտրական, ընտրական եւ հետընտրական գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ զանգուածային եւ փաստարկուած ընտրախախտումներուն մասին։

Դաշինքը յատկապէս անդրադարձած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի ամփոփիչ որոշումին եւ 10/51, 12/13 եւ 35/65 ընտրատեղամասերու արդիւնքներու անվաւեր ճանաչման։ Ըստ «Հայաստան» դաշինքին՝ ԿԸՅ-ի որոշումը ոչ իրաւաչափ է եւ հակասող ժողովրդավարական սկզբունքներուն, քանի որ ընտրատեղամասերու արդիւնքները չեղեալ համարելով՝ յանձնաժողովը չէ նշանակած նոր ընտրութիւններ՝ այդպիսով խախտելով հազարաւոր քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքը։

Գալստեան նաեւ նշած է, որ այս որոշման հետեւանքով ԲՀԿ-ն կորսնցուցած է 222 ձայն եւ զրկուած է Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած ըլլալու հնարաւորութենէն։ «Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի ԿԸՅ-ի որոշման օրինականութիւնը եւ ընտրութիւններու օրինականութիւնը վիճարկել Սահմանադրական Դատարանին մէջ՝ միաժամանակ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններէն ակնկալելով անաչառ գնահատական։

Գալստեան նշած է, որ «Հայաստան» դաշինքը ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-էն եւ միջազգային այլ ընտրական դիտորդական առաքելութիւններէն կ’ակնկալէ անաչառ գնահատական, ինչպէս նաեւ հաւատարմութիւն ժողովրդավարական հաստատութիւններու պաշտպանութեան յայտարարուած սկզբունքներուն։