Փաշինեան կը յայտարարէ, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի նոյեմբերին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ կառավարութիւնը կը նախատեսէ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին հրապարակել նոր Սահմանադրութեան նախագիծը եւ ձեռնարկել հանրային քննարկումներու։ Յայտարարութիւնը կատարուեցաւ նոյեմբեր 2-ին, Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու համատեղ նիստին՝ 2027 թուականի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին։
Փաշինեան նշեց, որ նախագիծի հրապարակումէն ետք պիտի ընդունուին եւ քննարկուին հանրութեան առաջարկները, մինչեւ որ իշխանութիւնները համոզուին, թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները բաւարար չափով քննարկուած են։
Ան սահմանադրական գործընթացը ուղղակիօրէն կապեց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան եւ վաւերացման հեռանկարին։ Ան յայտնեց, որ իշխանութիւնները պիտի փորձեն ստանալ այն հարցումին պատասխանը, թէ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը արդեօք պիտի երաշխաւորէ՞ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը։
Պաքու կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան նախապայման՝ առարկելով Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումին դէմ։ Փաշինեան եւս նախապէս յայտարարած էր, որ նոր Սահմանադրութեան մէջ պէտք չէ ներառուի այդ յղումը։
Ընդդիմադիր շրջանակներու հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի այն իրողութեան, որ Հայաստանի հիմնարար օրէնքի վերանայումը կ՚ընթանայ ատրպէյճանական շարունակական պահանջներու պայմաններուն մէջ։ Այս հանգամանքը նոր հարցադրումներ կը յառաջացնէ Հայաստանի ինքնիշխան որոշումներու, ազգային իրաւունքներու եւ խաղաղութեան գործընթացին իրական երաշխիքներուն շուրջ։