Փաշինեան Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը «հակապետական» կը նկատէ
- (0)

Նիկոլ Փաշինեան, հոկտեմբեր 29-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը որակեց «հակապետական»՝ պնդելով, որ անոր բովանդակութիւնը անհամատեղելի է անկախ պետականութեան գոյութեան հետ։
«Այդ տեքստով հնարաւոր չէ ունենալ անկախ պետութիւն, այդ տեքստը պետութիւն ունենալու անհնարինութեան մասին է», յայտարարեց Փաշինեան՝ շեշտելով, որ նոր Սահմանադրութեան որդեգրումը մաս կը կազմէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին։
Ան միաժամանակ փորձեց հերքել այն տեսակէտը, թէ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած սկզբունքներէն հրաժարելու նախաձեռնութիւնը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի պահանջներով՝ պնդելով, որ այդ որոշումը կը բխի Հայաստանի շահերէն։
Սակայն յայտարարութիւնը նոր հարցադրումներ կը յառաջացնէ Հայաստանի պետականութեան գաղափարական հիմերուն եւ իշխանութիւններու հետապնդած սահմանադրական փոփոխութիւններուն առնչութեամբ։
1990 թուականին ընդունուած Անկախութեան հռչակագիրը Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման հիմնարար փաստաթուղթն է։ Անոր մէջ ամրագրուած են հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումները, ներառեալ Արցախի հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վերաբերող սկզբունքներ։
Ընդդիմադիր շրջանակներու համար մտահոգութեան գլխաւոր աղբիւրը այն է, որ իշխանութիւնները կը փորձեն վերանայիլ պետականութեան պատմական եւ ազգային հիմերը՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Պաքուն կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման նախապայման։
Այս պայմաններուն մէջ Փաշինեանի յայտարարութիւնը խաղաղութեան անունով ընթացող սահմանադրական գործընթացը կը վերածէ ազգային իրաւունքներու եւ պատմական յանձնառութիւններու կտրուկ վերանայման։