ԿԸՅ-ն համաձայնութիւն տուաւ Քոչարեանի եւ Ղազինեանի դէմ դատախազութեան միջնորդութիւններուն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը համաձայնութիւն տուաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ցուցակը գլխաւորող ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրելու, ինչպէս նաեւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Դաւիթ Ղազինեանի նկատմամբ թէ՛ մեղադրանք առաջադրելու, թէ՛ անոր ազատութիւնը սահմանափակելու դատախազութեան միջնորդութիւններուն։
Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբելեան յայտնեց, որ գործը կը վերաբերի 2004-ին կառավարութեան կողմէ հաստատուած գործարքի մը՝ ընդգծելով, որ Քոչարեանը այդ գործարքին հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Ան պնդեց, որ գործընթացը իրաւական հիմք չունի եւ վաղեմութեան ժամկէտները վաղուց անցած են՝ միջնորդութիւնը կապելով քաղաքական զարգացումներու հետ։
Դաւիթ Ղազինեանի փաստաբան Արամ Վարդեւանեանն ալ յայտնեց, որ ներկայացուած միջնորդութեան մէջ հիմնաւոր տուեալներ չկան։ Ղազինեանը կը մեղադրուի ընտրակաշառք տալու նախապատրաստութեան յօդուածով եւ կը հերքէ մեղադրանքը։
Ընդդիմադիր երկու թեկնածուներու ներկայացուցիչներն ալ միջնորդութիւններուն մէջ քաղաքական ենթատեքստ կը տեսնեն։ ԿԸՅ-ի քննարկումները տեղի ունեցան այն ժամանակ, երբ ընտրութիւններէն առաջ եւ քուէարկութեան յաջորդ օրէն սկսեալ Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար յայտարարած է իր հիմնական քաղաքական մրցակիցները պատասխանատուութեան ենթարկելու մասին՝ Սամուէլ Կարապետեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած ուժերը անուանելով «պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւն»։