Սամուէլ Կարապետեանին մէկ ամսուայ կալանք՝ ՀԷՑ-ի գործով նոր մեղադրանքներու հիման վրայ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, գործարար Սամուէլ Կարապետեան նոյեմբեր 5-ին դատարանի որոշումով մէկ ամսուան կալանքի տակ առնուեցաւ՝ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան առնչուող նոր քրէական գործի ծիրին մէջ։ Որոշումը հրապարակուեցաւ գիշերուան ընթացքին շարունակուած դատական նիստէն ետք։

Նոյեմբեր 4-ին Հայաստանի Քննչական կոմիտէն յայտարարած էր, որ ՀԷՑ-ին շուրջ 64,6 միլիառ դրամի վնաս պատճառելու, առանձնապէս խոշոր չափերու գոյքի իւրացման եւ դրամական միջոցներու լուացման կասկածներով քրէական հետապնդում սկսած է 36 անձերու նկատմամբ, ներառեալ Կարապետեանի։

Քննչական մարմինին համաձայն՝ ենթադրեալ յանցաւոր գործողութիւնները տեղի ունեցած են 2016-2024 թուականներուն։ Հետաքննութեան ծիրին մէջ իրաւապահները միաժամանակ խուզարկութիւններ կատարած են 65 բնակարաններու եւ գործարարական հաստատութիւններու մէջ, որոնց շարքին՝ Սամուէլ Կարապետեանի եւ անոր ազգական, Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարանները։

Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը խստօրէն դատապարտեց գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով քաղաքական հետապնդում եւ ճնշման փորձ։ Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն նշեցին, որ նոր ձերբակալութիւնները կապուած են Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցով իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան միջեւ խորացող հակադրութեան հետ։

Նարեկ Կարապետեան վերահաստատեց, որ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չաջակցի այնպիսի սահմանադրական փոփոխութիւններու, որոնք կը կատարուին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջով։

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան հերքեց գործողութիւններուն քաղաքական բնոյթ ունենալու մասին պնդումները՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ սովորական իրաւական գործընթացներ։

Սամուէլ Կարապետեան նախապէս տնային կալանքի տակ կը գտնուէր այլ քրէական գործով։ Ան կը մերժէ իր նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքները։ Նոր գործով անոր մեղաւորութիւնը դատարանի վերջնական վճիռով հաստատուած չէ։

Դատական վերջին որոշումը կը համընկնի այն ժամանակաշրջանին, երբ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը փորձէ խորհրդարանական ընդդիմութենէն ապահովել նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէին համար անհրաժեշտ լրացուցիչ վեց ձայները։