Միջ-եկեղեցական հանդիպում Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ
February 19, 2018Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի 15 Փետրուարէն Շաբաթ 17 Փետրուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին Դոկտ. Հարըլտ Րէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն ...