Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըր հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին
August 18, 2026ԷՋՄԻԱԾԻՆ — Օգոստոս 18-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրը, որ շուտով պիտի աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ...