Պաշշար Ասատ մահուան դատապարտուեցաւ՝ պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար
- (0)

ԴԱՄԱՍԿՈՍ — Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատ ի բացակայութեան մահուան դատապարտուեցաւ՝ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար, կը հաղորդէ «Sky News»-ը։
Դամասկոսի Չորրորդ քրէական դատարանը Երեքշաբթի օր ի բացակայութեան մահապատիժ սահմանեց Ասատի եւ անոր եղբօր՝ Մահեր Ասատի նկատմամբ՝ «2011 թուականէն մինչեւ վարչակարգի անկումը գործուած յանցագործութիւններուն» համար։
Դատաւոր Ֆախրէտտին Ալ Արիան, պետական պատկերասփիւռով ուղիղ հեռարձակուած դատական նիստին ընթացքին, յայտարարեց, որ Պաշշար Ասատ պետական կառոյցները օգտագործած է պատերազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելու նպատակով։
Պաշշար Ասատ Դամասկոսէն փախուստ տուած եւ Մոսկուա մեկնած էր 2024-ի Դեկտեմբերին, երբ հակավարչակարգային ուժերու արագ յարձակման հետեւանքով անոր իշխանութիւնը տապալեցաւ։