Քոչարեաններու դէմ նոր քրէական վարոյթ․ դատարան ներկայացուած է կալանքի միջնորդութիւն
- (0)

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան եւ անոր որդին՝ Սեդրակ Քոչարեան, oգոստոս 25-ին ձերբակալուեցան եւ անոնց դէմ ծանր մեղադրանքներ առաջադրուեցան։ Հակակոռուպցիոն կոմիտէն նաեւ դատարան դիմած է զանոնք կալանաւորելու միջնորդութեամբ։
Ռոպերթ Քոչարեան կը մեղադրուի պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ դրամի լուացման համար, իսկ Սեդրակ Քոչարեան՝ դրամի լուացման եւ հօր վերագրուող յանցագործութիւններուն օժանդակելու համար։ Նոյն վարոյթով ընդհանուր առմամբ 14 մեղադրեալ կայ, որոնց շարքին՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Իրաւապահները միաժամանակ լայնածաւալ խուզարկութիւններ կատարած են Քոչարեան ընտանիքին եւ անոր հետ կապուած ընկերութիւններուն պատկանող բազմաթիւ հասցէներու մէջ։ Քննութիւնը կը վերաբերի նախկին նախագահութեան տարիներուն ձեռք բերուած շարք մը արժէքաւոր գոյքերու եւ մեծածաւալ դրամական փոխանցումներու։ Քոչարեանի փաստաբանը յայտնած է, որ նախկին նախագահը տեղափոխուած է հիւանդանոց։
Ձերբակալութիւններուն ժամանակագրութիւնը, սակայն, քաղաքական լուրջ հարցադրումներու տեղիք տուած է։ Անոնք տեղի ունեցան ընդամէնը մէկ օր ետք այն բանէն, երբ Ազգային ժողովին մէջ Լեւոն Քոչարեան խիստ քննադատեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ Արցախի կորստեան եւ հազարաւոր զոհերուն համար։ Փաշինեան իր պատասխանին մէջ հրապարակաւ անդրադարձաւ Քոչարեան ընտանիքի հարստութեան եւ խոստացաւ, որ ամէն ինչ «հատիկ-հատիկ վերադարձուելու է Հայաստանին»։
«Հայաստան» դաշինքը այս զարգացումները կը դիտէ որպէս քաղաքական հետապնդման շարունակութիւն։
Նոր ձերբակալութեամբ Հայաստանի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերու երեք առաջնորդներ այժմ բանտարկուած կամ տնային կալանքի տակ են՝ Գագիկ Ծառուկեան, Սամուէլ Կարապետեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան, ինչ որ արդէն իսկ նոր քաղաքական լարուածութեան պատճառ դարձած է։