Տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հերթական Շրջանային ժողովը

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 23-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հերթական Շրջանային ժողովը։

Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Տարօն Տօնոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Արցախի բոլոր շրջանային մարմիններու պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ ընկերներ։

Շրջանային ժողովը քննարկեց, արժեւորեց եւ ամփոփեց ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի երկամեայ գործունէութիւնը, միաժամանակ ճշդելով յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններն ու նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի հիմնական ընելիքները։

Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած ընտրութեան իբրեւ արդիւնք կազմուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եօթնանդամ նոր կազմը։

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արա Պուլուզեան։