Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց եպիսկոպոսներու գործով դատական նիստը նշանակուած է օգոստոս 28-ին
- (0)

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան վարոյթ ընդունած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց եպիսկոպոսներու վերաբերող քրէական գործը։
Դատարանէն yerevan.today-ին յայտնած են, որ գործով առաջին դատական նիստը նշանակուած է օգոստոս 28-ին՝ ժամը 16։30-ին։
Դատական գործը նախապէս մակագրուած էր դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին, որ առաջին դատական նիստին ինքնաբացարկ յայտնած էր։ Անկէ ետք գործը վերաբաշխուած եւ յանձնուած էր դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին։