«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Ե.
February 05, 2018Գլուխ Երկրորդ 1914 - Բասէն Եւ Ալաշկերտ 4. Առաջին Նահանջը Եւ Սրտաբեկումը Թրքական բանակի առաջին օրերու շփոթութիւնն անցած էր: Ինքզինքը գտնելով՝ կրցած էր Քէօփրի Թէօյի (Բասէն) առջեւ եւ Խըլըճ Գէտիկի (Ալաշկերտ) բարձունքներու վրայ կասեցնել ռուսական յառաջխաղացումը: Բայց թրքական բանակն այդքանով չբաւականացաւ: Էնվէր փաշան, ...