Հայեցի կրթութիւն – Ե. Ծնողք
July 04, 2017Ծնողք... Այո՛, ինչպէս ըսի նախորդիւ, մանուկի հայեցի կրթութեան, այլեւ ընդհա՛նրապէս կրթութեան մարզին մէջ առաջնահերթ դերակատարներն են ուսուցիչն ու ծնողքը։ Եթէ դպրոցական տարիքէն սկսեալ կրթուելու համար առաւելաբար ուսուցչին ազդեցութեան տակ պիտի գտնուի աշակերտը, մինչեւ այդ տարիքը հասնիլը, սակայն, ան բացառաբար ծնողքէն (ու ...