Պիլտըրպըրկ խումբը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Ռուսիոյ դէմ պայքարը

Մարթին Պըրկըր journal-neo.org կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ ներկայիս աշխարհաքաղաքականութեան բոլոր վերլուծաբանները համամիտ են‚ որ քուլիսներու ետին եղող ուժ մը կը ղեկավարէ վատթարացող աշխարհաքաղաքական կացութիւնը, մինչ Քաթար կը վերածուի իր բոլոր նախկին դաշնակիցներուն գլխաւոր թիրախի։ Նաեւ ականատես ենք Լոնտոնի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու‚ Թերեզա Մէյի ժողովրդականութեան անկումին‚ ապա ընտրութիւններու արդիւնքին եւ շարք մը այլ նշանակալից քաղաքական դէպքերու։

Այդ դէպքերուն ետին գտնուող իսկական ուժը հասկնալու համար պէտք է նայիլ Վըրճինիա քաղաքի փոքրիկ քաղաքին՝ Չանթիլիի մէջ Պիլտըրպըրկ խումբի 65-րդ տարեկան հանդիպումին։ Այդ մէկը կը պահանջէ‚ որ որոշ չափով ծանօթանանք այս ակումբին ինքնութեան։ «Վոլթեր» կայքը իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նշէ հետեւեալը.

Պիլտըրպըրկ խումբը ստեղծուած է 1954-ին «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ «Էմ.Այ.6»-ի կողմէ՝ Ատլանտեան դաշինքին աջակցելու համար։ Անոր նպատակը տնտեսական ու լրատուական մարզի անձնաւորութիւններ խմբելն էր քաղաքական ու զինուորական ղեկավարներու հետ՝ քաղաքացիական հասարակութիւնը «Կարմիր վտանգ»-ին իրազեկ դարձնելու համար։ Որոշումներու կայացման վայրի մը չգոյութեան պատճառով՝ այս փակ ակումբը պատմականօրէն համախմբման վայր մը եղած է‚ ուր երէցները հաւատարմօրէն հաւասարակշռութիւն պէտք է պահէին Լոնտոնի եւ Ուաշինկթընի հանդէպ‚ իսկ աւելի երիտասարդ անդամներէն կը սպասուէր ցոյց տալ‚ որ սովետներու դէմ կանգնիլը կարելի է իրենց վստահիլ։

Բայցեւայնպէս‚ ժամանակի ընթացքին Պիլտըրպըրկ խումբին միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ դերակատարութիւնը դարձաւ աւելի մեծ‚ ճիշդ ինչպէս Մեծ Եօթնեակի եւ Մեծ քսանեակի դիրքերը վերջին տարիներուն նկատառելի կերպով բարելաւուած են։ Այս խմբակին ազդեցութիւնն ու հարստութիւնը քննարկելու ընթացքին կրնաք այն տպաւորութիւնը ունենալ‚ որ բազմաթիւ վերլուծաբաններ համոզուած են‚ որ անիկա աշխարհի տարածքին կառավարութիւններու մեծամասնութեան մէջ գործակալներ ունի։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու‚ Պիլտըրպըրկ խումբը պարզապէս կը նկատուի տէ ֆաքթօ աշխարհի կառավարութիւն մը‚ որովհետեւ իր ամէնամեայ ժողովներու ընթացքին լայնօրէն կը քննարկուին անդրազգեան խնդիրներ եւ առաջարկուած լուծումներ‚ եւ ընդհանրապէս կ’ուրուագծուի աշխարհի ընթանալիք ընդհանուր ուղղութիւնը։ Ընդհանրական համոզում մը գոյութիւն ունի‚ որ այս հանդիպումներուն կը մասնակցին ամենէն մեծահարուստներն ու անոնց քաղաքական գործակալները‚ որոնք իւրաքանչիւր տարի կը հաւաքուին քննարկումներ կատարելու համար սթաթիւս քուոյի‚ աշխարհի հարստութեանց յաջորդ փուլի բաժանումին, աշխարհի գլխաւոր երկիրներու զարգացման եւ անոնց հաւանական քայլերուն մասին։

Ուստի զարմանալի չէ‚ որ Պիլտըրպըրկի խումբի 65-րդ ժողովին օրակարգը նկարագրուած է իբրեւ «Թրամփի վարչակազմը՝ յառաջդիմութեան զեկուցում»։ Ուստի‚ կասկածի առարկայ չէ‚ որ Թրամփի վարչակազմը ամբողջովին ենթակայ է այդ հարուստներուն ու ազդեցիկներուն շահերուն‚ զոր Թրամփ իր ընտրարշաւին ընթացքին կոչեց «ճահիճ»։ Խումբը որոշ չափով կրնայ մտահոգուած ըլլալ‚ որովհետեւ կ’ուզէր քննարկել պաշտօնավարող վարչակազմին գործունէութիւնը‚ վերջինիս իշխանութեան ստանձնումէն հազիւ չորս ամիս ետք‚ Թրամփի խմբակը նախանձնախնդիր էր իր մեղքը քաւելու եւ ներկաներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգելու համար իր ականաւոր ներկայացուցիչները ուղարկեց։ Խօսք առնողներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօրավար Հրըպըրթ Ռէյմընտ ՄգՄասթըր‚ նախագահի օգնականի տեղակալ եւ Ազգային ապահովական խորհուրդի մէջ Թրամփի վարչակազմին ազգային անվտանգութեան պաշտօնական ռազմավարութեան բանաձեւման պատասխանատու Նատիա Շատլոու‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն եւ Սէուտական թագաւորական ընտանիքի սերտ բարեկամ Տէյվիտ Փեթրէուս‚ «Քէյ.Քէյ.Առ. Կլոպըլ» հիմնարկի ատենապետ Վիլպըր Ռոս‚ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Քրիս Լիտտըլլ‚ նախագահ Թրամփի օգնականը եւ Սպիտակ տան ռազմավարական նախաձեռնութեանց տնօրէնը։

Պիլտըրպըրկի վերջին հանդիպումին ընթացքին քննարկուած մեծագոյն խնդիրը Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ միջեւ յառաջացած խզումն էր՝ Անկլօ-սաքսոնեան ակումբի երկուքի բաժանումով։ Լոնտոն վերջերս դժգոհ է Ուաշինկթընի Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութիւնը օգտագործելու գործելակերպէն։ Ուստի‚ Պիլտըրպըրկ ակումբին աշխատանքային առաջին օրը նուիրուած էր իսլամականութեան աջակցողներուն եւ ընդդիմացողներուն միջեւ բանավէճին։ Ուստի «Սի.Այ.էյ.»-ն ու «Էմ.Այ.6»-ը փորձեցին փոխզիջում մը գտնել՝ առաջ մղելու համար ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր նպատակը՝ Ռուսիոյ դէմ պայքարը։

Մէկ այլ առանցքային քննարկման նիւթ էր Միջին Արեւելքի մէջ ուահապականութեան ճակատագիրին շուրջ վէճը։ Խումբի անդամները համոզուած էին‚ որ այս կրօնական շեղումը պէտք է իշխէ Միջին Արեւելքի մէջ։ Արդիւնք՝ մինչ Ուաշինկթըն վերանորոգած է Սէուտական Արաբիոյ հետ իր դաշինքը եւ զայն համոզած է Իսլամ եղբայրներուն հետ կապը խզելու՝ ի փոխան 110 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինումի, Լոնտոն կ’աշխատի Իրանի‚ Քաթարի‚ Թուրքիոյ եւ Իսլամ եղբայրներուն միջեւ համաձայնութեան մը գոյացման ուղղութեամբ։

Բայցեւայնպէս‚ որպէսզի ենթադրեալ «յետիսլամական» աշխարհը սկսի ձեւաւորուիլ‚ պէտք է ամբողջացնել շարք մը հարկաւոր պայմաններ։ Անոնցմէ մէկը միջազգային ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւորներէն Սէուտական Արաբիան վերափոխելն է՝ անոր ընդդիմացող գաղափարաբանական մարտիկի։ Այդ նպատակի իրագործման համար՝ Արեւմուտքը կարիքը չունի Քաթարին՝ իբրեւ ռուսական կազի ընդլայնումի հակակշռման համար Սէուտական Արաբիայէն‚ Եգիպտոսէն ու Սուրիայէն դէպի Միջերկրական ծով կազի խողովակաշարի կառուցման մէկ մաս‚ որովհետեւ Սուրիոյ մէջ զարգացումները ատոր համար որեւէ պայման չեն ստեղծեր։

Սակայն ուահապականութեան ամենէն բուռն թշնամին Իրանն է։ Ան կարիքը չունի խալիֆայութիւն ստեղծելու‚ որովհետեւ Իրանի ժողովուրդը ունի իր սեփական այաթոլլան‚ իր սեփական հողը եւ արդէն իսկ ենթարկուած են իսլամական յեղափոխութեան։ Խումբի ժողովէն ետք Իրան թատերաբեմ դարձաւ իր մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ ահաբեկչական յարձակումներու շարքի մը։

Այս բոլորը կը համընկնին Պիլտըրպըրկ խումբի պատկերացուցած Միջին Արեւելքին։ Սակայն‚ անգամ մը որ Բրիտանիա սկսի Իսլամ եղբայրներուն հետ իր սեփական խաղը խաղալ‚ կրնանք յաւելեալ քաոս նախատեսել Միջին Արեւելքի մէջ‚ ուր գոյութիւն ունեցող յարանուանական պայքարը Թեհրանէն‚ Տոհայէն‚ Անգարայէն‚ Իտլիպէն‚ Պէյրութէն եւ Կազայէն բաղկացած «քաղաքական իսլամական ուժերու աճումի» պատճառով աւելի պիտի բարդանայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.