Քարոզչական Պատեհապաշտութիւն, Քաթար Եւ Հայաստան

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Չակերտեցինք «հիմնաւորումներ» բառը, որովհետեւ մինչ անցնող առնուազն 5 տարիներուն ընթացքին Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար ձեռք ձեռքի տուած՝ առնուազն 7-8 միլիառ տոլար ծախսեցին ՏԱԷՇի ու նմանօրինակ ծայրայեղական խմբաւորումներու վրայ՝ տապալելու համար Պաշշար Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ, հիմա Սէուտական Արաբիան կ՛ամբաստանէ Քաթարը… ահաբեկչութեան զօրակցելու մէջ: Ա՛յս էր քարոզչութիւնը: Այսինքն, «գայլապետ» մը կ՛ամբաստանէ ուրիշ «գայլապետ» մը՝ խեղճ ոչխարներ յօշոտելու յանցանքով: Անշո՛ւշտ կը ծիծաղի… նոյնիսկ խաշած հաւը, որովհետեւ մինչ Քաթար հսկայական գումարներ կը ծախսէ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու վրայ, անդին Սէուտական Արաբիա ոչ միայն նոյնքան գումար կը ծախսէ, այլեւ ծայրայեղ իսլամականութեան գաղափարաբանութիւնը եւս կը տարածէ նշեալ զինեալ խմբաւորումներուն միջոցով:

Սակայն երբ հող չգտաւ այս սուտը (քիչ մը շատ «վրան բաց էր»…), մէջտեղ նետուեցաւ երկրորդը՝ Քաթարը կը գործակցի Իրանի հետ, ի՜նչ սրբապղծութիւն…։ Չէ՜, այս մէկը արդէն աններելի էր Քաթարի համար. գործակցիլ երկրի մը հետ, որ Մ. Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ կը հռչակուի իբրեւ «ահաբեկչութիւն ֆինանսաւորող, ահաբեկիչներուն ապաստան տուող ու քաջալերող երկիր» (անցեալ ամիս Սէուտական Արաբիա տուած իր այցելութեան ընթացքին), արդէն «աններելի՛» է:

Սակայն չոր իրականութիւնը այն է, որ Ծոցի երկիրներէն Քուէյթն ալ, Օմանն ալ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Տուպայն ալ շատ բնականոն եւ տնտեսական բնագաւառէն ներս, նոյնիսկ շա՛տ սերտ կապեր ունին Իրանի հետ: Տուպայ իր հարստութեան մէկ կարեւոր մասը կը պարտի իրանեան ընկերութիւններու ներդրումային ծրագիրներուն: Ինչո՞ւ նման պատժամիջոցներ չորդեգրուեցան նշեալ երեքին դէմ:

Խնդիրը կու գայ բնական գազին, որուն հսկայական շտեմարաններուն վրայ նստեր են թէ՛ Իրանը եւ թէ Քաթարը: Իրանը վերջին քանի մը տարիներուն սկսեր է չինական դրամանիշով վաճառելու իր հեղուկ գազը (բնականաբար Չինաստանին): Նիճերիան եւս, վերջին քանի մը տարիներուն, 2 տոկոսէն 7ի բարձրացուց չինական եուանով իր քարիւղի վաճառքը: Ռուսիան արդէն իր վառելանիւթի վաճառքին մէկ մասը չինական դրամանիշով սկսած է կատարելու, դարձեա՛լ վերջին քանի մը տարիներուն:

Իսկ երբ փաստօրէն ձախողեցաւ մինչեւ Սուրիա երկարելիք բնական գազի խողովակի քաթարեան ծրագիրը, Տոհայի իշխանութիւնները իրենց աչքը սեւեռեցին արեւելեան Ասիա: Այսինքն, հիմնականին մէջ՝ Չինաստան: Այսինքն, չինական դրամանիշով վառելանիւթի միջազգային առեւտուրի տոկոսային համեմատութիւնը կրնայ մեծ ոստում արձանագրել, ու այդ ձեւով ալ՝ վտանգել «քարիւղի դիմաց միայն տոլար»ի մենաշնորհը: Քարիւղի միջազգային առեւտուրը միայն տոլարով կատարելու ամերիկեան պարտադրանքը կու գայ 1973-74էն, Քիսինճըրի օրերէն. բան մը, որ Մ. Նահանգներուն կու տայ անսահման քանակութեամբ տոլար տպելու եւ ծախսելու չգրուած իրաւունքը (իսկ ասոր ծա՞խսը… միայն տոլարը տպող տպարանի աշխատողներու ամսականներն են…):

Ահաւասիկ ա՛յս է, որ աններելի համարուեցաւ Քաթարի համար: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սատտամին չներուեցաւ իր քարիւղը փոխան տոլարի՝ եուրոյով վաճառելու որոշումը: Վերջը տեսանք ինչ եղաւ, դժբախտաբար:

Այս նշումները կը կատարենք պարզապէս, որպէսզի կարենանք զանազանել սուտը իրականութենէն, քարոզչութիւնը՝ չոր տուեալներէն:

Այս մթնոլորտին մէջն էր ահաւասիկ, որ մօտաւորապէս տասը օր առաջ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցան երկու ահաբեկչական գործողութիւններ: Մէկը խորհրդարանին, իսկ միւսը՝ Խոմէյնիի դամբարանին դիմաց:

Բաւական «ստեղծագործ միտք» պէտք է ունեցած ըլլային Պաքուի մէջ, որ շուտով յայտարարեցին, թէ Թեհրանի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը գործադրողները եկած են (լաւ մտիկ ըրէք)… Հայաստանէն: Այս քարոզչական տխմարութիւնը բնականաբար լուռ քմծիծաղով դիմաւորուեցաւ Թեհրանի կողմէ: Հոն, մարդիկ նոյնիսկ իրենց կոպերը չշարժեցին այս լուրը կարդալով:

Հող չբռնեց ատրպէյճանական այս (իրենց բառապաշարով) «պոշ պողազութիւն»ը եւս:

Բայց Քաթար-մաթար մէկ կողմէ, այս ընդհանուր իրարանցումին մէջ, International Crisis Groupe (ICG) կոչուած կիսաուսումնասիրական, կիսաքարոզչական հաստատութիւնը տեղեկագիր մը հրապարակեց Յունիս 1ին, «Պատերազմի Ամպեր Լեռնային Ղարաբաղի Վրայ» խորագիրով: Կրցանք միայն կէսը կարդալ. միայն կէսը. մէկդի նետեցինք: Ոչ թէ անոր համար որ երկար էր, այլ որովհետեւ հոն ըսուածներուն մեծ մասը քարոզչութենէ, կամ փափաքելին իբրեւ իրականութիւն ներկայացնելէ անդին չէր անցներ:

Միտք բանին այն էր, որ Հայաստան անզիջող կը մնայ իր կեցուածքներուն մէջ, իսկ Ատրպէյճանը, յենելով իր քարիւղային եկամուտներուն ու զինական նոր գնումներուն վրայ՝ կ՛ընթանայ դէպի նոր լայնածաւալ բախում:

Ատրպէյճանական քարոզչութիւնը, բերնին ջուրերը վազցնելով, արձագանգեց՝ նուազ քան երկու շաբաթ ետք, երբ Իլկար Քուրպանով The National Interest ելեկտրոնիք կայքին վրայ յօդուած մը գրեց՝ «Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Բռնութեան Ալիքը Պիտի Մեծնա՞յ» խորագիրով: Հոս եւս նորութիւն չկար, նոյն ատրպէյճանական թէզերն էին, բոլորիս շատ ծանօթ (հայերը Ատրպէյճանէն հողեր գրաւեր են, հետեւաբար եւ այլն), ու միշտ յենելով ICG-ի «զեկոյց»ին վրայ:

Այս յօդուածագիրը դաւադրական տեսութիւններու ջերմ հաւատացող մը չէ եղած, երբեք: Փորձած ենք միշտ առաջնորդուիլ տուեալներով: Իսկ տուեալները այն են, որ Հայաստան, անցնող Ապրիլի պատերազմէն ետք, լուրջ ճիգ կը թափէ իր պաշտպանական համակարգը ուժեղացնելու համար: Այս ճիգը թէ՛ գործնական բնագաւառի մէջ է (զէնք ու զինամթերք, սեփական գիւտարար արտադրութիւն) եւ թէ՛ պաշտպանական համակարգի (նախարարութիւն, զինուորական հրամանատարական բուրգ, նոր նշանակումներ եւ այլն): Առաւել՝ ազգ-բանակ մտածողութիւնը վար-քագծային մակարդակի բարձրացնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումը: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու, երբեմն ալ՝ հրապարակային, ըստ նպատակայարմարութեան:

Շահագրգիռ պետութիւններու համար, «փոքրերու» ինքնուրոյնութեան այս ձգտումները, միայն սեփական ուժերուն ապաւինիլը երբեք հաշտ աչքով չէ դիտուած: Այս «անհաշտ» վերաբերումին լոյսին տակ պէտք է նաեւ արժեւորել ICG-ի «տեղեկագիր»ը, որ իրականութեան մէջ լուռ ազդարարութիւն մըն է:

Ահաւասիկ, այս քարոզչական պատեհապաշտութեան ընդհանուր պատկերին մէջն է, որ տեղի կ՛ունենան վերոնշեալ զարգացումները: Իսկ մեզի կը մնայ միշտ մնալ աչալուրջ եւ չտարուիլ խուճապ ստեղծելու ձգտող վայնասուններէ, աշխարհի ո՛ր մայրաքաղաքէն ալ գան ատոնք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.