Համակարգը Կը Խօսի…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԸՆԵԱՆ

Եւ վերջապէս կը խօսի օրուան համակարգը՝ բացայայտելով իր իսկական մտայնութիւնը Արամ Մանուկեանի գործին եւ անով մարմնաւորուող մեր ազգային առաքելութեան վերաբերմամբ: Համակարգը կը մերժէ Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրման գաղափարը: Յունիս 28ի իր էջերէն, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան «Խորհրդանիշ Դնելու Ժամանակը Չէ» խորագրեալ իր յօդուածով կու գայ հնչեցնելու գործող համակարգին մեծ առարկութիւնը Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ ծրագրուող այս պատմական նախաձեռնութեան դէմ: Փորձենք ամփոփել պր. Աբրահամեանի գրութեան միտք բանին:

Պէտք չէ — ժամանա՛կը չէ — կ՛ըսէ ան, Լենինի երբեմնի արձանը փոխարինել որեւէ այլ «մահկանացու»ի արձանով: Ներառեա՛լ՝ Արամ Մանուկեանի կամ Գարեգին Նժդեհի… եւ անոնց կարգին թուարկելով անունները Գըրգ Գրգորեանի եւ Շարլ Ազնաւուրի եւ ինքնաբերաբար հաւասարեցնելով Արամն ու Նժդեհը մերօրեայ այս ազգայիններու բացարձակապէս անհամեմատելի – թէկուզ մեծապէս յարգելի՛ — հանգամանքին: Բայց ինչո՞ւ, հարց պիտի տայ ընթերցողը: Ինչո՞ւ կարելի էր ընդունիլ Լենինը եւ կարելի չէ ընդունիլ հայ անկախ պետականութեան հիմնադիր հայրը՝ Արա՛մը: Քանի որ, ըստ պր. Աբրահամեանի, Արամն ու Նժդեհը (եւ բնականաբար միւսները) չեն վայելեր համաժողովրդական համախոհութիւն: Լենինի արձանը կը վայելէր ամբողջական համախոհութիւն այդ ժամանակի պետական համակարգին կողմէ: «Երկրորդ հանրապետութիւնն ամբողջութեամբ եւ անվերապահ ընդունում (էր) այն գաղափարախօսութիւնը, որի կրողն էր «պրոլետարիատի առաջնորդը»»: Իսկ այսօ՞ր… Այսօր, խմբագրի կարծիքով, այդքա՜ն ալ «իդէալական» չէ Արամ Մանուկեանի վիճակացոյցը, ինչպէս կը փորձեն հաւատացնել «Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները»: «Առաջին հանրապետութեան ժամանակ չե՞ն եղել «աւազակապետական դրսեւորումներ», Արամ Մանուկեանը չի՞ ունեցել սխալներ եւ մոլորութուններ»: Պէտք է զգոյշ ըլլալ: Պէտք չէ ըլլալ փութկոտ եւ ստեղծել «նոր կուռք, նոր փայտագլուխ, որին մենք պէտք է երկրպագենք», կը յորդորէ երեւանեան մամուլի այս հրապարակախօսը:

0627arammanougian Բնական է, որ հարց պիտի տաք այս կէտին վրայ, թէ ասիկա այն նոյն Արա՞մն է, զոր մեր ժողովուրդը կը ճանչնայ ուղնուծուծով, թէ ուրի՛շ Արամ մը, որուն մասին դեռ սորվելիք ունինք՝ ապաւինելով Արամ Աբրահամեանի բացայայտումներուն: Բայց համբերեցէ՛ք. այս չէ բոլորը: Գոհարներու շարքը կ՛երկարի: Խմբագիրը կը թուի բռնուած ըլլալ իր իսկ լարած թակարդին մէջ եւ իր կացութիւնը «փրկելու» փորձ կ՛ընէ՝ պնդելով. «Իհարկէ պէտք չէ ապամոնտաժել որեւէ եղած արձան»… երեւի սարսափելով այն մտքէն, որ յանկարծ Մեծարգոյ քաղաքապետը կրնայ լուրջի առնել իր առարկութիւնը եւ գործի անցնիլ «ապամոնտաժելու» իր տեսողութեան մէջ գտնուող երկու ականաւոր բոլշեւիկներու՝ Ալեքսանդր Միասնիկեանի եւ Ստեփան Շահումեանի վիթխարի յուշարձանները: Կը պարզուի, որ կարելի է «երկրպագել» գոյութիւն ունեցող այս «կուռք»երուն եւ «փայտագլուխ»ներուն (հեղինակին բառապաշարն է) անտեսելով անոնց թերութիւնները, բայց կարելի չէ արժանին մատուցել Արամին եւ Նժդեհին: Պէ՞տք է այստեղ ուղղենք սխալը եւ յիշեցնենք, որ Արամն ու Նժդեհը բնաւ պէտք չունին «երկրպագու»ներու, քանի որ անոնք «կուռք»եր կամ «փայտագլուխ»ներ չեն եւ պիտի չըլլան:

Բայց պր. Աբրահամեան կ՛իյնայ յաջորդ անխուսափելի թակարդին մէջ: Պիտի հարցնէք, կ՛ըսէ ան, թէ ինչո՞ւ մարդիկ կանգնած են Ճորճ Ուաշինկթընի, Ուինսթըն Չրչիլի կամ զօր. Տը Կօլի արձանները: «Միթէ՞ նրանք կատարեալ էին, եւ նրանց գործողութիւնները՝ անվիճելի»: Եւ կ՛աճապարէ բացատրելու, թէ անոնց պարագային մենք կը խօսինք «կայացած պետութիւններ»ու մասին, «որտեղ հասարակական մակարդակով ձեւակերպուած է ազգային շահը»… Պարզ խօսքով, ԱՄՆի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունի ընդհանրական ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ մեր պետութեան մէջ՝ ո՛չ: Հոն կարելի է ճանչնալ ազգին ընդհանրական ինքնութիւնը խորհրդանշող մեծութիւնները, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ո՛չ: Հոն մարդիկ գիտեն ինչպէս մարմնաւորել իրենց ազգային ձգտումները, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ոչ: Եկէք ըսենք, որ առնուազն շշմեցուցիչ է այս դառն եզրակացութիւնը. շշմեցուցիչ եւ ճգնաժամայի՛ն: Եւ անշուշտ այստեղ իսկ թաղուած է «շան գլուխը»:

Սխալ չհասկնա՛լ: Պր. Աբրահամեան նաեւ կ՛ըսէ այսպիսի բաներ Արամ Մանուկեանի բարեմասնութիւններուն մասին: «Այդ գործիչն, իմ կարծիքով, իսկապէս արժանի է մեծագոյն յարգանքի եւ նոյնիսկ խոնարհման՝ հէնց նրա, ժամանակակից լեզուով ասած, ոչ կոնվենցիոնալ, «կողմնորոշումային կարծրատիպերը» յաղթահարած վարքի շնորհիւ մենք ունենք պետութիւն պատմական Հայաստանի փոքր մասում»: Դժուարաւ կուլ գացող այս բառակապակցութիւնները այնուամենայնիւ կարծէք կը փորձեն դրուատել Արամի մեծ ներդրումը, բայց «նոր արձան դնելու գաղափարը» յաջորդ նախադասութեան մէջ իսկ կ՛ենթարկուի վեթոյի եւ կը յայտարարուի «ժամանակավրէպ» յատկապէս, որ «այդ արձանը պատրաստւում են դնել պետականութիւնը խորհրդանշող կենտրոնական հրապարակում», կ՛աւելցնէ ան:

Կ՛ուզեմ անմիջապէս շեշտել, որ Արամ Աբրահամեանի այս յօդուածը դոյզն առընչութիւնն իսկ չունի հայրենի մեր ժողովուրդի արժէքային համակարգին հետ: Ան կը ներկայացնէ քաղաքական կարծրատիպերու փէշերուն կառչած իշխանական համակարգը միայն, որ կը շարունակէ մերժել անկախ պետականութեան դժուարահաճ նորմերը: Աւելի՛ն: Այդ համակարգը կ՛ուզէ անկախութեան քողին տակ մշտնջենաւորել արտաքին ուժերէն կախեալ եւ այդ ուժերէն «երաշխաւորուած» իր երջանիկ գոյութիւնը: Եւ ապրիլ այդ շինծու ու յաւիտենապէս կերպընկալ կեանքով: Այդպէս կարելի չէ, պր. Աբրահամեա՛ն: Ինքզինք յարգող պետութիւնը պիտի գիտնայ ձեւաւորել իր լինելիութեան բանալիները: Պիտի գիտնայ իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն յստակօրէն ճանչնալ իր ազգային շահը եւ զայն ընել սեւեռակէտ իր հաւաքական գոյութեան: Պիտի գիտնայ կողմնորոշուիլ ծանր փոխընտրութիւններու միջեւ: Պիտի գիտնայ ընդառաջ երթալ իր կեանքի մեծ մարտահրաւէրներուն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Արա՛մը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Քառօրեայ Պատերազմի մեր մարտիկները ճակատի թէժ կրակներուն մէջ: Սխալնե՞ր կան գործուած: Այո, կա՛ն: Բայց թող այդ սխալներու քննարկումը ընէ իր առաւելագոյնը ազգին նուիրաբերած մարդը միայն եւ ոչ՝ այն քաղքենին (բուրժուա), որ մտաւորական փափկաճաշակութեամբ ազգին թանկագին ժամանակը կը վատնէ:

Ըսած եմ նախապէս եւ կը կրկնե՛մ: Հանրապետութեան Հրապարակի սրտին վրայ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը կանգնելու արարքը մեր ժողովուրդի յստակ պատգամն է յղուած բոլոր ապագայ սերունդներուն: Այդ արարքին մէջ կը բիւրեղանայ մեր ազգային ուխտը հայրենի հողին տէր կանգնելու, անոր դատին նուիրուելու, անկէ չհեռանալու, զայն ամէն օր իմաստաւորելու, զայն ամէն օր ազգովին իւրացնելու, զայն օտարի գերութենէն ազատելու, զայն մաքրելու եւ զայն ամէն օր եւ ամէն ժամ ամուր եւ անսասան հիմերու վրայ գեղեցկօրէն ճարտարապետելու: Արամը եւ իր նմանները ազգին բազմաչարչար պատմութեան մէջ «մահկանացու»ներ չեն: Անոնք մեզի համար մեր անմահութիւնը նուաճած եւ մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ արդարօրէն անմահացած նուիրեալներն են: Այդ կոթողը պիտի բարձրանայ, Պր. Աբրահամեան, եւ համայն ազգը պիտի խոնարհի Արամ Մանուկեանի մեծ վաստակին առջեւ: Յուսամ դուք ալ մեզի հետ: Եկէք կեցնենք այս անհեթեթ վէճը եւ մոռնանք, որ ան երբեւէ տեղի ունեցաւ:

 

Յունիս 29, 2017

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.