Հայեցի կրթութիւն – Դ. Ուսուցիչ

Ուսուցիչ…

Կը նշանակէ երկրորդ ծնողք։

Արդարեւ, հայեցի կրթութեան այն վեցթեւանի աստղին մէջ, որ այս յօդուածաշարքով կը ձեւաւորուի, ծնողքին հետ ուսուցիչն է, որ կը գրաւէ ամենէն կարեւոր տեղը։ Առանց այդ երկուքին չկայ հայեցի կրթութիւն, պարզապէս կրթութի՛ւն չկայ։ Աշակերտը իր օրուան արթնութեան ժամերուն մեծ մասը ուսուցիչին, կամ ուսուցիչներուն հետ է, որ կ՚անցընէ։ Իր դաստիարակութեան, իր կազմաւորման վրայ աւելի շատ ուսուցիչն է, ուսուցիչներն են, որ հնարաւորութիւն ունի, ունին ազդելու, քան ծնողքը։ Ասիկա նաեւ ոչ միայն ժամանակի տեսակէտէ, այլեւ որակի, քանի որ, եթէ ծնողքը ընդհանրապէս բնազդո՛վ կը վարուի իր զաւկին հետ, ուսուցիչը մասնագիտակա՛ն մօտեցումով կը վարուի, ըստ իր ունեցած մանկավարժական թէ իմացական հմտութեան։

Ինչպէս ծնողքը այն տիպարն է, որուն կը ձգտի նմանիլ զաւակը, ուսուցիչը նոյնպէս կը խաղայ այդ տիպական կերպարի դերը աշակերտին համար, ուստի երկուքին ալ պարագային իրենց տուած դաստիարակութեան մաս կը կազմեն նաեւ իրենց վարած կեանքը, շրջապատին հետ պահած յարաբերութիւնները եւ իրենց այլ շարժումներն ու արարքները։

Աւելցնեմ նաեւ, որ ինչպէս ծնողք ըլլալը կոչում է, նուիրում է, զոհաբերութիւն, եւ վա՛յ այն երախաներուն, որոնց ծնողները չունին այդ գիտակցութիւնը, ուսուցիչ ըլլալը նոյնպէս եւ աւելի՛ մեծ կոչում է, նուիրում է, զոհաբերութիւն, եւ այո՛, վա՜յ այն աշակերտներուն որոնց ուսուցիչները նոյնպէս կրնան չունենալ այդ գիտակցութիւնը։ Կրթելը, դաստիարակելը պաշտօն մը կատարել չէ, յաճախ նոյնիսկ ուսումնական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, այլ այդ կոչումին անսալն է, այդ նուիրումը դրսեւորելն է, այդ զոհաբերութիւնը կատարելն է։

Այդպէս, եւ միայն այդպէ՛ս է, որ կարող ուսուցիչը կը յաջողի գրաւել աշակերտին ուշադրութիւնը, սիրցնե՛լ դասաւանդած նիւթը, նոյնիսկ եթէ ամենէն անհրապոյր կամ անհետաքրքիր նիւթը ըլլայ ան, ու առինքնել, իր առջեւ, իր բերնէ՛ն կախուած մատղաշ հոգիները։

Այս կարողութիւնը կարեւոր է մանաւանդ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչին համար, քանի որ ան զօրաւոր մրցակցութեան մէջ է աշակերտին ուշադրութիւնը արդէնիսկ գրաւած կամ հետզհետէ գրաւող այնքա՜ն այլ հրապոյրներու հետ։

Ահա այդ պատճառաւ ալ այնքան կարեւոր է, որ այդ ուսուցիչը լաւապէս զինուած ըլլայ թէ՛ մանկավարժական իր գիտելիքներով եւ թէ՛ իր դասաւանդած նիւթին կամ նիւթերուն իմացութեամբ։ Մանաւանդ երեւակայութեամբ՝ միշտ նորութիւններ բերելու, նոր եղանակներ գտնելու, նոր մօտեցումներ փորձարկելու համար։

Եւ ահա հո՛ս է, որ մեր հաւաքականութեան, մեր պատասխանատու մարմիններուն եւ մեր տնօրէններուն առջեւ կը դրուի մեծ պատասխանատւութիւն մը՝ ինչպէ՞ս ապահովել, որ մեր ուսուցիչները, մանաւանդ նոր հասնող ուսուցիչները, օժտուած ըլլան այդ զոյգ առաքինութիւններով։ Ուսուցիչներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման հարցերը դիւրաւ լուծելի են օտար լեզուներով դասաւանդողներու պարագային,– պետական թէ այլ միջոցներ չեն պակսիր։ Դժուարը հայերէնին պարագան է, որ լուրջ, բայց նաեւ դիւրա՛ւ գործադրելի միջոցներու կը կարօտի մանաւանդ արեւմտեան կողմն աշխարհի, բայց ո՛չ միայն արեւմտեան։ Այս յօդուածաշարքի սահմաններուն մէջ այս հարցը սոյն հաստատումէն անդին դժուար է տանիլ, սակայն բոլորիս գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը պիտի հանդիսանայ ան յառաջիկայ տարիներուն։

Այստեղ կ՚ուզեմ մատնանշել հաւաքական մէկ այլ պատասխանատւութիւն եւս. վարձատրութեա՛ն հարցն է այդ, որ ուրիշ մե՛ծ մարտահրաւէր մըն է։ Ինչպէ՞ս ընել, որ հայկական վարժարանները օժտուին ամենէն լաւ պատրաստուած, ամենէն նուիրեալ, ամենէն խանդավառ ուսուցիչներով՝ հայերէնի թէ բոլոր այլ նիւթերու պարագային։ Պատասխանը դժուար չէ կռահելը։ Պէտք է գիտնալ ըստ արժանւոյն վարձատրել։ Մեր տալիք վարձատրութիւնը պէտք է գերազանցէ օտար վարժարաններու, մանաւանդ օտար անձնական անուանի վարժարաններու ամսաթոշակները։ Ինչպէս կ՚ըսէի այս շարքին սկիզբը, որ իրենց զաւակը մեր վարժարանները արձանագրելու համար ծնողները շարքի պիտի սպասեն, նոյնպէս մեր վարժարաններուն մէջ պաշտօնավարելու բախտը ունենալու համար թեկնածուները շարքի պիտի սպասեն… Ուսուցիչներու վարձատրութիւնը, աշխատանքային պայմանները, կատարած լաւ աշխատանքի գնահատումը եւ այլ առաւելութիւններ կախում պիտի ունենան ոչ թէ արհեստակցական միութեան բանակցութիւններէն, այլ պատկան մարմիններու եւ տնօրէնութեան կողմէ ուսուցանելու արարքին հանդէպ ցուցաբերուած դրական կեցուածքէն։ Մեր մեծ նուիրատուները ինչի՞ կը սպասեն։ Մեր կարիքները չեն սահմանափակուիր մեր շէնքերու բարեկարգումով։

Տնօրէնին կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի հանդիսանայ նաեւ ապահովել վարժարանի մը ամբողջ անձնակազմի յօժար համագործակցութիւնը՝ ըլլայ ատիկա իրարայաջորդ կարգերու ուսուցիչներուն միջեւ, թէ տարբեր նիւթեր (հայերէն եւ ո՛չ-հայերէն) դասաւանդողներուն, քանի որ, ինչպէս ըսուեցաւ, դպրոցը մէկ ամբողջութիւն է, հայեցի կրթութեան առաքելութեամբ, եւ հայ թէ օտար նոյն առաքելութեան կատարողները պիտի հանդիսանան։ Այս առնչութեամբ ալ շատ կարեւոր է, նոյնիսկ պայման, որ ոչ-հայերու պաշտօնի կոչման պայմաններէն մէկն ալ այն ըլլայ, որ անոնք կանխաւ ծանօթ ըլլան մեր պատմութեան ու մշակոյթին, այլեւ թարգմանուած գրականութեան՝ աւելի լաւ ճանչնալու համար հայ աշակերտը ու անոր առհաւական ժառանգութիւնը։ Այս պայմանը հայերու պարագային կիրարկելի է աւելի՛ խստապահանջութեամբ, ի հարկէ։

Ուրեմն, հայկական վարժարաններու համար ուսուցիչը առանցքային դեր ունի եւ ըստ այնմ պիտի ըլլայ անոր գնահատումը պատկան մարմիններուն կողմէ, որոնք ամեն ճիգ պիտի թափեն գտնելու համար անհրաժեշտ նիւթական կռուանները հայեցի դաստիարակութիւնը իրագործելու համար։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

(շար. 4)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.