Արամ Մանուկեանի յուշարձանը եւ մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը

Կարօ Արմենեան

Զայն չկոթողել հրապարակին իսկ վրայ կը նշանակէ տատամսիլ. կը նշանակէ փախուստ տալ մեր վճռական պարտաւորութիւններէն. կը նշանակէ զիջիլ մեր հաւաքական հպարտութիւնը. կը նշանակէ աշխարհին ներկայանալ ծուռվիզ և վեհերոտ։

Հայաստանի անկախ պետականութեան հոյակերտման մեծ հաիւրամեակի սեմին, քաղաքամայր Երևանի իշխանութիւնները յայտարարած են նախագծային մրցոյթ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը կանգնելու օրինակելի առաջադրութեամբ։ Մեծ ոստիւն մըն է ասիկա մեր պետականութեան հարազատ արմատներուն վերադառնալու և պատմական ճշմարտութիւնը սերունդներու յիշողութեան մէջ ամրագրելու իր էական մտատեսիլով։ Կը շնորհաւորենք քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու բոլոր անոնք, որոնք կրցան այս նախաձեռնութիւնը իրականութեան վերածել յաղթահարելով խորհրդային ժամանակներէն ժառանգուած քաղաքական և հոգեբանական յայտնի խոչընդոտները։

Քաղաքապետութեան վերոյիշեալ յայտարարութենէն կ՚իմանանք նաև, որ Արամի յուշարձանը պիտի տեղադրուի Հանրապետութեան Հրապարակի անմիջական մերձաւորութեան մէջ գտնուող Նալբանդեան և Արամ փողոցներու խաչմերուկին վրայ։ Պարագա՛յ մը՝ որ ինքնին հարցեր կը յարուցէ, զորս անպայման պէտք է բարձրաձայնել։ Ի՞նչ նպատակով, այսքան տարի ետք, քաղաքապետութիւնը ընտրած է քովընտի այդ վայրը հայոց անկախ պետականութեան հիմնադիր հօր յուշարձանը տեղադրելու համար։ Ինչու՞ ոչ՝ նոյնինքն Հանրապետութեան Հրապարակի՛ն վրայ, ուր անցեալին իր տիրական հասակով կանգնած էր խորհրդային կայսրութեան հիմնադրին՝ Լենինի արձանը։ Զայն զետեղողները ի՞նչ գիտէին մեր կեդրոնական հրապարակին մասին, որ մենք այսօր իսկ դեռ կը դժուարանանք յստակօրէն ընբռնելու։

Սրտանց ողջունելով հանդերձ քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութիւնը, կ՚ուզենք անմիջապէս աւելցնել, որ մենք իրաւունք չունինք առայժմ դեռ տօնելու այս կարևոր իրագործման փաստը նկատի առնելով այն մեծ ու անաւարտ գործը, որ դեռ կ՚ըսպասէ հայ հանրութեան հետևողական և աչալուրջ միջամտութեան։

Պէտք է անկեղծօրէն արձանագրենք, որ քաղաքապետարանի յայտարարութիւնը ինքնաբերաբար ծնունդ կու տայ շարք մը հարցադրումներու և մտորումներու։

Պէ՞տք է յիշեցնել, որ մենք գործ ունինք հայ անկախ պետականութեան դարբինը հանդիսացող Արամի բարոյական հսկայ անձնաւորութեան հետ, որուն գործը բախտատելիութեան եզրեր չունի հանրապետութեան բոլոր ժամանակներու մարդերու և հանգամանքներու տարողութեանց հետ։ Ան վեր է բոլոր չափանիշներէն։ Ան մեր տեսակի չափանիշն իսկ է, որ կոփուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դարբնոցին մէջ հայը իր գոյութեան ճահիճէն դուրս բերելու վեհագոյն առաջադրութեամբ։ Մենք գործ ունինք Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան առաջնորդին, այդ յախուռն ապստամբութենէն ծնած հայ պետականութեան առաջին կորիզը ստեղծողին, զայն ղեկավարողին, ռուսական բանակներու անմիտ նահանջով պայմանաւորուած համաժողովրդական գաղթի անվտանգութիւնը ապահովողին, իր բախտին լքուած արևելահայութեան ճակատագիրը իր ձեռքերուն մէջ առնողին, զայն քաջօրէն տնօրինողին, Երևանի ամբողջ ժողովուրդին կողմէ անվիճելիօրէն հռչակուած փրկարար «դիկտատոր»ին, թուրք ջարդարար բանակի յառաջխաղացքին դիմաց «վհատ մարդկանցից» հզօր բանակ դարբնողին և Սարդարապատի և Բաշ Ապարանի բախտորոշ ճակատամարտերը կարելի դարձնող մեծ առաքեալին հետ։ Մենք գործ ունինք մեր կոտորակուած ինքնութեան բեկորները ի մի բերողին, մեր մետաղը ձուլողին, մեզ ամբողջացնողի՛ն հետ։ Արդեօ՞ք մեր պետութեան հիմնարկային յիշողութիւնը (institutional memory) այնքան տարտամ է այսօր, որ մենք դադրած ենք այլևս Արամը իր լիարժէք իրողութեանը մէջ ճանչնալէ։

Թող ներուի ինծի ըսել, որ մեծ անհամաչափութեան մը վկան ենք ազգովին։ Փաստօրէն տեղ մը հարցը դուրս եկած է իր բնական և իսկական չափերէն։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն ակնբախ անհաւասարութիւնը, որ կայ հայոց պատմութեան ԱՐԱՄ երևոյթին և քաղաքապետական այս ժուժկալ – թէկուզ նախանձախնդի՛ր – յայտարարութեան միջև։

Բնականաբար այստեղ գոյութիւն չունի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի և Երևանի քաղաքապետութեան առած որոշման ոգին նսեմացնելու որևէ դիտաւորութիւն։ Քաղաքապետութիւնը իր հարազատ դերին մէջն է, երբ կ՚որոշէ ինքնիշխան մեր երկրի մայրաքաղաքի առաջին ինքնիշխան առաջնորդին յիշատակը յաւերժացնել։ Խնդրոյ առարկան Քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւնը չէ։ Բայց մենք իրաւունք ունինք հարց տալու, թէ ու՞ր է համազգային կշիռով փայլող արարքը այս բոլորին մէջ։ Ու՞ր է նախագահական գերաստիճան հանգամանքով հնչող հրամանագիրը։ Ու՞ր է ՀՀ Ազգային Ժողովի միաձայնութեամբ նուիրագործուած պատմական բանաձևը Արամի վաստակին մեծութիւնը հռչակող։ Ու՞ր է պետական այն յանձնաժողովը, որ ՀՀ Նախագահին, ՀՀ Վարչապետին, կառավարութեան անդամներուն և մեր բանակի հրամանատարութեան և մեր հոգևոր պետերուն և այլ բարձրադիր հեղինակութիւններու կողմէ գլխաւորուած՝ հրապարակ կ՚իջնէ Արամ Մանուկեանի յուշարձանը կոթողելու իր որոշումով։ Ինչու՞ բացակայ են այս նախաձեռնութենէն հայոց պետութեան առաջին դէմքերը, ՀՀ Ազգային Ակադեմիայի, մտաւորականութեան, մշակոյթի բերդերու, աշխատաւորութեան, երիտասարդութեան շերտերը։ Ինչու՞ ներառուած չէ Սփիւռքը իր ողջ հասակով։

Մեր խնդիրը Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնելու սոսկ անհրաժեշտութիւնը չէ, այլ Արամով մարմնաւորուած մեր ազգային կենսափիլիսոփայութեան վերահռչակու՛մը որպէս ազգային գերակշիռ ուխտ։ Հետևաբար մեր ակնկալութիւնն է, որ ան տեղադրուի հրապարակի սրտին վրայ (ոչ՝ կողքի փողոցին մէջ) որպէս վերջնական ազդարարութիւն և որպէս անշրջանցելի յանձնառութիւ՛ն՝ բոլոր վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Զայն չկոթողել հրապարակին իսկ վրայ կը նշանակէ տատամսիլ. կը նշանակէ փախուստ տալ մեր վճռական պարտաւորութիւններէն. կը նշանակէ զիջիլ մեր հաւաքական հպարտութիւնը. կը նշանակէ աշխարհին ներկայանալ ծուռվիզ և վեհերոտ։

Մենք ոչ միայն պիտի արժանաւորութեամբ կերտենք այս կոթողը, այլև միանգամընդմիշտ ազատենք Արամի Տունը շուկայի շահամոլներու գերութենէն և զայն վերածենք Արամի Տուն-Թանգարանի։ Միաժամանակ պիտի ազատենք Հայաստանի Հանրապետութեան երբեմնի կառավարութեան տունը իր ներկայի նուաստացած վիճակէն և զայն վերածենք Անկախութեան Հիմնարկի (Independence Institute), որուն պատերուն միջև պիտի ձևաւորուի մեր ռազմավարական միտքը։

Այս բոլորը Արամի գաղափարական ժառանգութեան խորհրդանիշներն են և կարելի չէ զանոնք անջատել իրարմէ։ Մեր անշրջանցելի պարտաւորութիւնն է այսօր վերականգնել Արամի գործէն բխող ազգային մեծ պատգամը իր ամբողջութեանը մէջ, յստակ և անխաթար։ Մեր պարտաւորութիւնն է վերականգնել զմեզ այդ պատգամի հրեղէն ներոյժով։ Քանի որ մենք անընկճելի ենք, երբ Արա՛մն ենք։ Ան եղաւ իր ազգը և հրաշակերտեց իր ժամանակը։ Հիմա եկած է ժամանակը, որ ազգը ըլլայ զինք։ Ըլլայ Արա՛մը։ Որպէս միտք։ Որպէս կամք։ Որպէս լինելութիւն։ Մէկ ու միասնական։ Առանց յետին մտքի։ Առանց թիւր կասկածներու։ Առանց ապառիկ հաշիւներու։ Վճիտ, բիւրեղ, վերջնական։ Հա՛յ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.