ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՃԱՄԲՈՎ ՍՈՒՐԻԱ Կ՚ՈՒՂՂՈՒԻՆ
August 05, 2013«Սթրաթիժիք Քալչըր» հիմնարկը՝ յղում կատարելով «ալ-Մոնիթըր»-ի կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ 2.5 տարուան բախումներուն ընթացքին Թուրքիոյ սահմաններու հատման հարցը շարունակ քննարկումի կ՚ենթարկուի։ Գոյութիւն ունէին տեղեկութիւններ, թէ Ասատի վարչակարգին դէմ կռուելու համար Սուրիա ուղղուող իսլամական խմբաւորումներ, մասնաւորաբար Քայիտայի անդամներ, ...