Վիճակախաղ՝ նուիրուած Արցախի վերաբնակեցման


 

 

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աւարտէն անմիջապէս ետք, ԼՂՀ իշխանութիւններու համար օրակարգի վրայ բերուեցաւ Արցախը վերաբնակեցնելու հարցը։ Հակառակ վերաբնակեցման ուղղութեամբ անցնող 18 տարիներուն կատարուած բազմաթիւ աշխատանքներուն, այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը տակաւին կը մնայ թերաւարտ։

Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեան վերջերս կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «1994-99 թթ. կատարուել է տարերային վերաբնակեցում, ինչը նման էր խորհրդային տարիների հայրենադարձութեանը, երբ անձը չգիտէր, թէ ո՞ւր է գնում, ի՞նչ պայմաններում է ապրելու»:

Արցախի փոխ վարչապետը դիտել կուտայ թէ այն տարիներուն ձեւաւորուած 50-60-հոգինոց բնակավայրերը այսօր ծանր բեռ են պետութեան համար, քանի որ անոնք յառաջիկային չեն կրնար հասնիլ 1000 հոգիի սահմանին:

Ըստ փոխ վարչապետին՝ 1999-էն ետք որոշ չափով փոխուած են մօտեցումները վերաբնակեցման վերաբերեալ: Իսկ ներկայիս արդէն յստակ ուղիներ կը նշուին այս ուղղութեամբ:

Այսօր կ’իրականացուի վերաբնակեցուած գիւղերու գոյքագրում. բնակչութեան թիւին համապատասխան անոնք կը խմբաւորուին եւ ըստ այնմ ծրագրեր կը մշակուին: Օրինակ՝ մինչեւ 2017 թուականը 200 եւ աւելի բնակիչ ունեցող գիւղերուն մէջ պէտք է ապահովուի կանոնաւոր ջրամատակարարում:

Կը նախատեսուի նաեւ Քաշաթաղի, Հադրութի եւ Շահումեանի շրջաններու որոշ գիւղերու մէջ բնակչութիւնը հասցնել 1000-ի:

Այս բոլոր ծրագիրները յաջողցնելու համար պետական վիճակախաղ կազմակերպուած է՝ հաշուի առնելով այլ երկիրներու փորձառութիւնը: Այս վիճակախաղին մէջ սակայն յաղթական դուրս եկողը՝ նիւթական գումար չէ որ պիտի ստանայ: Նուէրները հիմնականօրէն հետեւեալներն են՝ բնակարաններ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախեան ձեռագործ գորգեր:

Վիճակախաղի իւրաքանչիւր տոմսի գինն է 2000 դրամ (5 գանատական տոլար):

Վիճակախաղը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 28-ին՝ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նիստի օրը (1991 թուականին): Վիճախակախաղի օրը կը նախատեսուի շատ փայլուն ձեռնարկներու շարք՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ յարակից բնակավայրերու երեխաներու մասնակցութեամբ եւ պիտի հեռասփռուի հեռատեսիլով։

Արցախի փոխ վարչապետը դիտել կուտայ թէ պետութեան փափաքն է որպէս ազգային տուրք դիտել տոմսի այս փոքրիկ գումարի յատկացումը, գիտակցելով թէ իւրաքանչիւր հայ անհատ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերաբնակեցման ծրագրին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.