ՌՈՒՍ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԻ՞Ն, ԹԷ՞ ՆՈՐ ՀՆԱՐՔ


 

 

Սերկէյ Մինասեան «ՓՈՆԱՐՍ Եուրէյժա» հիմնարկի կայքէջին վրայ զետեղուած իր վերոնշեալ խորագիրով յօդուածին մէջ կը նշէ, որ յուլիս ամսունէ ի վեր լրատուամիջոցներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տանգապին վերաբերեալ անդրադարձները արձանագրած են նկատառելի աճ մը, որուն գլխաւոր պատճառը Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, 2011-էն ի վեր բանակցութեան առարկայ եղող, ռազմական մեծ համաձայնագիրներու գործադրութիւնը սկսելուն մասին տեղեկութիւնն է։ Իրողութեան մէջ, Ռուսիոյ կողմէ իր ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի թշնամի Ազրպէյճանին արդիական զէնքերու մատակարարումը իւրայատուկ կերպով կապուած է քաղաքական բարոյականութեան։ 

Հասկնալի պատճառներով համաձայնութիւնը հայկական հասարակութեան մէջ եւ քաղաքական վերնախաւին մօտ զայրոյթ յառաջացուցին, սակայն իրողութեան մէջ տեղի ունեցածը Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ռազմական քաղաքականութեան համար աւանդական երեւոյթ մըն է։ Մոսկուա երկու տասնամեակներէ ի վեր Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսիա քաղաքական եռանկիւնին մէջ այսպէս կը վարուի։ Նախապէս, Հայաստան նոյնպիսի սակայն աւելի մեղմ հակազդեցութիւն ցուցաբերեց, երբ Մոսկուա 2011-2012-ին Պաքուի ծախեց արդիական հակօդային համակարգ մը (S-300PMU-2 “Favorit”) եւ յարձակողական ուղղաթիռ մը (Mi-35M)։

Դժուար է ըսել, թէ վերջին զարգացումները ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ այսպիսի բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցին։ Հայերը կամ կ՚երեւակայեն, որ ռազմական մատակարարումները նկատառելի են կամ ռուսական նման քայլերու յաճախականութենէն զայրացած են։ Կամ ալ հայութեան արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է։

Ռուսիա կը շարունակէ Ազրպէյճանի շուկայի գինով զէնքեր ու ռազմական կազմածներ ծախել, եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան շրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահել՝ հայկական բանակին աժան գինով (կամ ձրի) զէնքեր տրամադրելով։
Ռուսիոյ Հայաստանին մատակարարած զէնքերը կրնան ամէնէն արդիականները չըլլալ եւ Ազրպէյճանի գնած զէնքերուն մակարդակին չըլլալ, սակայն հայկական կողմին ունեցած զէնքերը կարելի է Ազրպէյճանի ձեռք բերած զէնքերուն մակարդակով արդիականացնել։

Օրինակի համար՝ Ռուսիոյ Ազրպէյճանի ծախած T-90S հրասայլերը պարզապէս իր Հայաստանին տրամադրած T-72 հրասայլերուն արդիականացուած տարբերակներն են։ Ապա քանակի հարցը կայ։ Երբ Ռուսիա Ազրպէյճանին 200 T-90 հրասայլեր կը ծախէ, անոր փոխարեն Հայաստանին 300 T-72 կը մատակարարէ, ապա այս աւելի հին տիպի հրասայլերը հայկական եւ ղարաբաղեան բանակներուն համար կ՚արդիականացուին։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ այլ զէնքերու մատակարարման մասին։

Հայ ղեկավարները հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնած են ռուս-ազրպէյճանական զէնքերու համաձայնութեանց նկատմամբ, սակայն անոնք հաւանաբար առանձնապէս գոհ են, որովհետեւ իրենց առիթ կ՚ընծայէ հրասայլային եւ հրետանային զօրամասերը արդիականացնելու եւ նոր զէնքերով զինելու։

Կարգ մը ռուս պաշտօնատարներ ակնարկած են այն երեւոյթին, թէ իրենց երկրին փտածութենէ վարակուած ռազմական արդիւնաբերութեան մարզը Ազրպէյճանի հետ համաձայնագիրներու ի նպաստ լոպիինկ կը կատարէ՝ հակառակ ռուսական բանակի զօրավարներուն կեցուածքին։ Անշուշտ, որ Ռուսիա դրացի յաճախորդէ մը միլիառաւոր տոլարներ ստանալով ուրախ է։
Հայաստանի արեւմուտքցի գործընկերները եւս ուրախ են, որովհետեւ այդ քայլերը հայկական հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերուն մէջ հակառուսական զգացումներ կը հրահրէ։ Առաւել ուրախ են Հայաստանի մէջ այն կազմակերպութիւններն ու քաղաքական ուժերը, որոնք հակառուսական քաղաքականութիւն ունին, որովհետեւ այսպիսով ստեղծուած մթնոլորտը իրենց թէզերը աւելի համոզիչ կը դարձնեն։

Յստակ է, որ Մոսկուա բացարձակապէս չուզեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, թէ շուրջը ռազմական որեւէ գործողութիւններու առնչակից դառնալ։ Բայց եւ այնպէս, երկկողմանի եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրերուն մէջ ունի կարգ մը քաղաքական պարտաւորութիւններ, որոնք չյարգելը ժխտական հետեւանքներ կրնան ունենալ։ Ուստի, Մոսկուա պիտի շարունակէ երկու տասնամեակներէ ի վեր իր որդեգրած գործելակերպը՝ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահպանել փորձել՝ կախարգիլելու համար ռազմական գործողութեանց վերսկսումը։ Այդ ծիրին մէջ, Քրեմլին կը ջանայ կանխարգիլել ստեղծումը կացութեան մը, ուր ռուսական զէնքեր ինքնին Ռուսիոյ բանակին դէմ պիտի օգտագործուին։ Կացութիւն մը, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ, եթէ Ռուսիա տարածաշրջանին մէջ իր միակ ռազմական դաշնակից Հայաստանի կողքին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմ մղէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.