ԹՐՔԱԿԱՆ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ ՔՐՏԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ


 

 

Մելքուլանկարա Պհատրաքումար «Սթրաթիճիք Քալչըր» հիմնարկի կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին առաջին մէջ կը գրէ, որ սուրիական վարչակարգը ապակայունացնելու Թուրքիոյ զինուորական գաղտնի գործողութեանց ազդեցութիւնը սկսաւ զգալի դառնալ։ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ քրտական լուրջ գործօնի մը ուրուականը սկսած է մտատանջել Թուրքիան։ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Քրտական Գարուն»-ի ներկայացուցած մարտահրաւէրը գոյութենական է, սակայն հեգնականօրէն այն ուժերը որոնք Թուրքիան քաջալերեցին Սուրիան ապակայունացնելու, հրապարակէն կորսուած են. անոնք անկարող են կամ պատրաստակամ չեն ներքաշուիլ ամբողջ տարածաշրջանը ներառող պատերազմի մը մէջ։ Իսկ մեծագոյն հեգնական իրողութիւնը այն է, որ Անգարա քրտական անջատողականութեան դէմ պայքարին մէջ իր լաւագոյն դաշնակիցներուն՝ Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ վատ յարաբերութիւններ ունի եւ ներկայիս անոնց հետ հաշտութիւն մը անհաւանական կը թուի։

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»-Ը ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ Կ’ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ

Պատերազմները զարմանալի գործկներութիւններ կը ստեղծեն, սակայն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութիւնը այն երեւոյթը ստեղծեց, որ Անգարա կրնայ ստիպուիլ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն սահմանակից քրտական ազգայնականութեան բարձրացող ալիքը դիմակայելու համար իր յոյսը դնել Քայիտայի առնչուող խմբաւորման մը հետ դաշինքի մը վրայ։ Անգարա անցնող երկու տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան ստեղծման պատասխանատուութիւնը կը կրէ։ Պատմական առումով՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր ՄուսթաՖա Քեմալ Աթաթուրք, Միջին Արեւեքի իսլամ երկիրներուն հետ բախումի երթալու ճանապարհէն մէջ խուսափեցաւ։

Քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» եւ Քայիտայի առնչուած «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի միջեւ վերջին բախումները կու գան դարձեալ յիշեցնելու, որ ծայրայեղ իսլամութիւնը Սուրիոյ մէջ սանձարձակօրէն կը գործէ եւ ոչ ոք կարողութիւնը ունի զայն զսպելու։ Սուրիական ազատ բանակը կը դատապարտէ այդ բախումները, սակայն կը խուսափի մասնակից դառնալ բախումներու, որոնք սուրիացի ժողովուրդի ազատութեան եւ բոլոր սուրիացիներուն պատկանող նոր Սուրիայի մը ստեղծման արդար ձգտումներուն իրագործումը պիտի խանգարեն։ Սակայն Սուրիոյ այդ տարածքին մէջ ոչ ոք ականջ կու տայ Սուրիական ազատ բանակի կոչերուն։

Մինչ այդ՝ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ մրցակցութիւն մը գոյութիւն ունի, եւ երկու կողմերը սուրիական ընդդիմադիր զինեալ տարբեր խմբաւորումներու ճամբով իրարու դէմ անուղղակի պատերազմ կը մղեն։ Քաթար որոշ ատեն «Ժապհաթ ալ-Նուսրա»-ի կ’աջակցեր, ուստի նկատի ունենալով Թուրքիոյ եւ Քաթարի Սուրիան ապակայունացնելու հարցին մէջ գործընկերութիւնը, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Տոհայի աջակցութիւնը վայելող ծայրայեղական խմբաւորումներուն հետ սերտ կապեր ունի։ Իրողութիւն մը որ հաւաստի կը դարձնէ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» այն պնդումը, թէ Անգարա հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ Քայիտայի առնչուած խմբաւորումներու հետ կապեր ունի։ 

Թուրքիոյ համար Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ինքնավար քրտական տարածքի մը ստեղծումը միայն ապահովական հարց մը չէ։ Հարցը նաեւ թրքական ներքին քաղաքականութեան առնչուած է։ Եթէ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»ը Սուրիոյ մէկ բաժինին մէջ իշխանութեան հասնի այդ մէկը պիտի ամրապնդէ PKK-ի (Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակութիւն-ՔԱԿ) դիրքերը եւ արդէն իսկ ժողովրդային ցոյցեր դիմագրաւող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համար յաւելեալ բարդութիւններ պիտի ստեղծէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Անկասկած, որ շնորհիւ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն, ՔԱԿ «ռազմավարական խորք» մը կ’ապահովէ, եւ ներկայիս պիտի ջանայ Էրտողանի կառավարութեան հետ բանակցիլ ուժեղ դիրքէ մը։ Հոգեբանական ազդեցութեան կողքին, ՔԱԿ նաեւ առեւտրական ներուժ պիտի ապահովէ, որովհետեւ Սուրիոյ հիւսի-արեւելքը քարիւղով հարուստ շրջան մըն է։ Ինքնավստահ դարձած ՔԱԿ-ը վերջերս Էրտողանի կառավարութեան «վերջին զգուշացում» մը փոխանցեց՝ զայն ամբաստանելով քրտական հարցը լուծելու խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ «շօշափելի քայլեր» չառնելու մէջ։Ներկայիս ամէնէն մեծ հեգնանական իրողութիւնը այն է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ դիմագրաւած քրտական հարցի լուծման նախաձեռնութիւնը խլած է Էրտողանէն։

Ասատ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն ինքնավարութիւն շնորհելու պատրասակամութիւն ցուցաբերելով կը ստեղծէ նախադէպ մը, որուն ընդօրինակումը Էրտողանի համար շատ դժուար է։ Ըստ թրքական տեղեկութեանց, այս ուղղութեամբ Ասատի կողմէ յայտարարութիւն մը կը սպասուի։Եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ՝ քիւրտերու ազգային իղձերը յառաջընթաց պիտի արձանագրեն, իսկ Թուրքիա Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն վայելած ինքնավարութեան մակարդակին համազօր քայլերու դիմելու ճնշումին տակ պիտի յայտնուի։ Յստակ է, որ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» ձեռքբերումները Թուրքիոյ քրտական շրջաններուն մէջ եւս քաղաքական մթնոլորտը ելեկտրականացուցած են։

Նկարը՝ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» անդամ զինեալ քրտուհիներ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.