111 տարի առաջ, այսօր, Քրիստափոր Միքայէլեանի զոհաբերումը ազատութեան բագինին
March 17, 2016Մարտ ամսու ա՛յս օրը, Հայոց Յուշատետրին մէջ, կը խորհրդանշէ Հայկական Յեղափոխութեան կրակի մկրտութեան օրը։Կը խորհրդանշէ Քրիստափորի նահատակութեամբ նուիրականացած գերագոյն զոհաբերութեան Աւանդը հայ ազգային-ազատագրական շարժումին։ Անսակարկ անձնազոհութեան Աւանդը՝ Հայկական Յեղափոխութեան ամէնէն մարտունակ կազմակերպութեան անվիճելի առաջնորդին, որ կեանքի գնով տուաւ օրինակը ...