«Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի Քուրմը» Յիշատակի Հանդիսութիւն` Թորոնթոյի Մէջ


Լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Կիրակի, 28 փետրուարին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի քուրմը» խորագիրը կրող յիշատակի հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին:

Որպէս ձեռնարկի բացում ներկայ գտնուող շուրջ 200 հայորդիները լսեցին Սնապեանի «Պարը» պատմուածքի պարզ, բայց խորհրդաւոր ընթերցումը` հեղինակին կատարողութեամբ, որմէ ետք գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան ստանձնեց հանդիսավարութեան պաշտօնը, որ կատարեց ամենայն արհեստավարժութեամբ:

Բացման խօսքին ընդմէջէն Տօնապետեան-Գուզուեան ներկայացուց Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը ծնած, «դաշնակցական հերոս Մարկոս Սնապեանի արիւնը իր երակներուն մէջ, ազատատենչ հայու անվեհեր ոգիով սնած, Մաշտոցի կախարդանքով զօրացած, հայ, հայրենիք, հայութիւն, հայ լեզու իր կեանքին մեկնակէտն ու վերջակէտը դարձուցած` «վարպետ»-ին` Յակոբ Օշականի շունչով տոգորուած, աւելի քան վեց տասնամեակներու վրայ կուտակուող գրական, գրաքննադատական խմբագրական ու կրթական տիտանական աշխատանքին բերքը իր շալակին, ազգին յոյզերով ու յոյսերով առլցուն, ճշմարիտին խնկարկու, անաչառ ու անդրդուելի» Սնապեանին հակիրճ կենսագրականը ու ակնարկեց հեղինակին Թորոնթոյի հայ գաղութի հետ ունեցած մտերմութեան: Տօնապետեան-Գուզուեան ապա հրաւիրեց Հալէպէն գաղութս փոխադրուած, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի եօթներորդ կարգի աշակերտուհի եւ արտասանական մրցոյթներու դափնեկիր` Լոռի Արամեանը, որ հրաշալիօրէն ասմունքեց Ռոզա Պետրոսեանի «Քարտէս» բանաստեղծութիւնը:

Կարդալէ ետք հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով թուղթին յանձնուած` Պօղոս Սնապեանի «Վերջին սուրբը» վերնագիրը կրող գրութիւնը, Տօնապետեան-Գուզուեան բեմ հրաւիրեց Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն վկայեալ, մասնագիտութեամբ թաւջութակահար Լուսինէ Ամիրխանեանը, որ հմտօրէն ներկայացուց Կոմիտասի «Քելէ, քելէ» եւ «Երկինքն ամպել ա» կտորները:

Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբի դերակատար, Համազգայինի գրասէրներու խմբակի եւ գրական յանձնախումբի անդամ եւ «Արծիւ» պարբերաթերթի խմբագիրներէն Վարագ Պապեան ապա կարդաց Սնապեանի «Առաջին անձրեւը» պատմուածքը, որուն մէջ հեղինակը կը պատմէ իր աշակերտներէն Հայաստանաբնակ գրագէտ Դերենիկ Դեմիրճեանի մահուան տխուր լուրը ստանալու մասին:

Դաշնակահար Գարինա Խշուաճեան, եւս նորայայտ դէմք մը Թորոնթոյի գաղութին համար, որ աւարտած է Հալէպի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, մասնակցած` զանազան գեղարուեստական ձեռնարկներու, մենահամերգներ տուած է եւ այժմ կը գործակցի Թորոնթոյի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, ներկայացուց Առնօ Բաբաջանեանի հանրածանօթ «Էլէգիա» կտորը:

Խշուաճեանի ներկայացումէն ետք հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պատգամաբեր` բանաստեղծ, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ Յարութիւն Պէրպէրեանը, որ եղած է Սնապեանի սիրելի աշակերտներէն, ու ապա` գործակիցներէն: Պէրպէրեան հաղորդական ոճով, հարազատօրէն ներկայացուց իր ուսուցչին, ակնարկելով զանազան անձնական դէպքերու ու պատմութիւններու, որ ան կիսած է Սնապեանին հետ, ըլլան անոնք իր ուսուցչական ասպարէզին, խմբագրական, հրատարակչական լայնածաւալ գործունէութեան թէ մտերմիկ հաւաքոյթներու ընթացքին, հանդիսատեսին առջեւ պարզելով Պօղոս Սնապեան մարդուն, գրողին, գրաքննադատին եւ հրապարագիրին յանդուգն ու անկեղծ կերպարը: «Սնապեան` գրողն ու մարդը» իր շահեկան բանախօսութիւնը մեծապէս գրաւեց ներկաներուն հետաքրքրութիւնը:

Նախքան հանդիսավարի փակման խօսքը` ներկաները վայելեցին Սնապեանի նախասիրած երգերէն «Իմ եղէգը»` կատարողութեամբ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն վկայեալ, գաղութին ծանօթ մեցցօ սոփրանօ Սոնա Յովսէփեանի կատարողութիւնը, ընկերակցութեամբ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Թալին Գըլըպոզեանի, դարձեալ վկայեալ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ձեռնարկին սատար հանդիսացող բոլոր ընկերներուն ու մասնակցողներուն, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Մեղեդի Էթիեմեզեանը, որ մասնաճիւղին եւ գրական յանձնախումբին անունով օրուան բանախօսին փոխանցեց յիշատակ-նուէր մը:

Փակման խօսքին մէջ, Տօնապետեան-Գուզուեան ըսաւ. «Մեծերը չեն մեռնիր, մեծերը կը ստեղծագործեն, մեծերը կը ներշնչեն, մեծերը սերմնացան են, մեծերը յաւերժ են: Պօղոս Սնապեան իր անզուգական, միտքեր հրահրող, անխափան գրիչով եւ մտաւորական պարկեշտութեամբ շողշողուն աստղ մ՛ալ աւելցուց մեր գրականութեան երկնակամարին վրայ, որուն լոյսով առաջնորդեց ու պիտի առաջնորդէ տակաւին իր թրծած սերունդը, ընթերցողը, մեզ»: Ապա հեղինակին հետեւեալ խօսքերով հրաժեշտ տուաւ ներկաներուն.

«Աստուածարեալ սուրբին օրէն ի վեր գիտենք, աստուածարեալ սուրբը ի՛նք սորվեցուցած է մեզի, որ «երբ ժողովուրդի շուրթերում մեռնում է լեզուն, մեռնում է եւ ժողովուրդը», ու չմեռնելու համար եւ մա՛նաւանդ ապրելու ու սրբութիւնները ապրեցնելու համար մեր ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն հաւատարիմ մնաց այդ կենարար աւանդին: Այսօր եւս կ՛ապրինք նոյն հրամայականը, դարձեալ մեծ է լեզուին կապուած յոյսը, միայն թէ կարենայինք ընդզգալ անոր ամբողջական խորհուրդը, կարենայինք վերծանել թաքուն պատգամները ու թափ տալ արարչական իր նկարագիրին…»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.