Ատրպէյճանական Բանակը Զինավարժութիւններ Կը Կատարէ Նախիջեւանի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանի զինուած ուժերը՝ 2015 թուականի մարտական պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն՝ մարտավարական զինավարժութիւններ կը կատարեն Նախիջեւանի մէջ:
Վկայակոչելով «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը՝ «Արմէնփրէս» կը յայտնէ, որ զինավարժութիւններ կատարուած են սահմանափակ տեսանելիութեան, բարդ կացութեան եւ անկայուն եղանակի պայմաններուն մէջ մարտական նշանաձգութեան վերաբերող:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ զինավարժութիւններու ծիրին մէջ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան պաշտպանական ներոյժը ամրապնդելու եւ Առանձին համազօրային բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնելու գծով:
Մարտավարական զինավարժութիւններու գիշերային մարտական նշանաձգութեան օգտագործման մասնակցած են Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած Առանձին համազօրային բանակի անձնակազմը, զրահապատի, օդանաւային, «ՀՕՊ» համակարգերը, հրթիռային եւ հրետանային զօրամասերը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.