Շոմէտի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
- (0)

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2026-ին, Քեպէգի խորհրդարանի Շոմէտի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ եւ իր գրասենեակի պատասխանատու Հիլտա Թուրսուքու այցելեցին «Հորիզոն» Մետիայի խմբագրատուն, ուր դիմաւորուեցան վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի եւ խմբագիրի օգնական Սոնա Թիթիզեանի կողմէ:
Պատգամաւորը դրուատեց «Հորիզոն» Մետիայի քարոզչական եւ լրատուական երկարամեայ գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց աշխատակազմին անխոնջ ու նուիրական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հեզասահ գործակցութիւնն ու աջակցութիւնը՝ յատկապէս հայ պատգամաւորներուն նկատմամբ:
Այս առթիւ պատգամաւորը կազմիս յանձնեց «Հորիզոն» Մետիային իր կողմէ շնորհուած գնահատագիր մը, ձեռակերտ յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ աշխատակազմին անդամներուն առանձնակի գնահատագիրներ:
Փոխադարձաբար խմբագրութեան եւ աշխատակազմին անունով վարչական պատասխանատուն պատգամաւորին եւ իր գրասենեակի պատասխանատուին փոխանցեց շնորհակալական եւ բարեյաջողութեան ջերմ մաղթանքներ: