Փաշինեան. «Շատ գոհ պիտի ըլլամ, եթէ ՀԱՊԿ-ը որոշէ Հայաստանը հեռացնել կազմակերպութենէն»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան մտադիր չէ վերակենդանացնելու իր մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն։
Անդրադառնալով կազմակերպութեան ներսը Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերող քննարկումներուն՝ Փաշինեան նշեց, որ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութիւնը անդամ պետութիւն մը կազմակերպութենէն հեռացնելու հնարաւորութիւն եւս կը նախատեսէ։
«Շատ գոհ պիտի ըլլամ, եթէ ՀԱՊԿ-ին մէջ որոշեն Հայաստանը հեռացնել կազմակերպութենէն։ Գոնէ մեզ կ’ազատեն դուրս գալ-չգալու երկընտրանքէն», յայտարարեց ան։
Փաշինեանի խօսքերուն արձագանգեց Քրեմլին։ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Հայաստան կրնայ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, եթէ Երեւան այլեւս անհրաժեշտ չի նկատեր կազմակերպութեան անդամակցութիւնը։ Ան միաժամանակ նշեց, որ իրեն համար յստակ չէ, թէ Փաշինեան ի՛նչ նկատի ունի՝ ըսելով, որ «գոհ պիտի ըլլար», եթէ Հայաստանը հեռացուէր դաշինքէն։
Վերջին շրջանին Մոսկուայէն եւ ՀԱՊԿ-ի ղեկավար շրջանակներէն աւելի յաճախակի դարձած են Երեւանի հասցէին զգուշացումները՝ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ապագայ կարգավիճակին շուրջ։ Ռուսաստանի փոխարտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Կալուզինի յայտարարութիւններէն ետք, օգոստոսի կէսերուն ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Թալաթբեք Մասատիքով եւս ըսած էր, որ թէեւ Հայաստան կը շարունակէ դաշինքի անդամ նկատուիլ, Երեւանի հետագայ մասնակցութեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ «ողջամիտ ժամկէտի» մէջ։
Հայաստան շուրջ չորս տարիէ ի վեր փաստացի մասնակից չէ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն։ Յարաբերութիւններու սրումը խորացաւ 2022-ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք, երբ ՀԱՊԿ-ը ռազմական աջակցութիւն չցուցաբերեց Երեւանին եւ քաղաքական գնահատական չտուաւ հայկական տարածքներու բռնագրաւման։
Այդ զարգացումներէն ետք Հայաստան աստիճանաբար սահմանափակեց իր մասնակցութիւնը կազմակերպութեան աշխատանքներուն, հրաժարեցաւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի իրեն վերապահուած պաշտօնէն, իսկ 2024-ի փետրուարին Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան փաստացի սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը։ Հայաստան նաեւ դադրեցուց կազմակերպութեան անդամավճարներու վճարումը։